ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին ընդգծեցին Արցախի հարցին գծով երկարաժամկէտ քաղաքական լուծման հասնելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ քննեցին պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապին շուրջ ստեղծուած կացութիւնը: Այս մասին կը նշուի բանակցութիւններու արդիւնքներուն վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Նետ Փրայսի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: