ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Միացեալ Նահանգներու Կրօնական ազատութեան միջազգային յանձնաժողովը՝ USCIRF-ը, մտահոգ է, որ Ատրպէյճանի «Կրօնական ազատութեան մասին» օրէնքին մէջ առաջարկուող փոփոխութիւնները չեն անդրադառնար USCIRF-ի յանձնակատարներուն կողմէ բարձրացուած հարցերուն, որոնց շարքին է Շուշիի Սուրբ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ վիճակը:
«Շուշիի Ղազանչեցոց Հայց․ առաքելական եկեղեցւոյ գմբէթները հանուած են «վերականգնման» լուրերու լոյսին տակ` առանց եկեղեցւոյ վերակառուցման:
«Անշուշտ, տաճարը պէտք է վերակառուցուի անցեալ աշնան ատրպէյճանական ռմբակոծութիւններուն պատճառած վնասին պատճառով: Մնացած վայրերը պէտք է պատշաճ կերպով վերականգնին եւ պահպանուին», յայտնեց USCIRF-ի յանձնակատար Նէյտին Մայենցա:
2021ի զեկոյցին մէջ, USCIRF-ը Ուաշինկթընին կոչ ըրաւ՝ Ատրպէյճանը զետեղելու կրօնական ազատութեան լուրջ խախտումներ ունեցող եւ անհանդուրժողականութիւն ցուցաբերող երկիրներու ցանկին վրայ։