ՓԱՐԻԶ․- Ֆրանսական կողմին նախաձեռնութեամբ, հեռաձայնային զրոյց մը տեղի ունեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիանի միջեւ:
Ատրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ նախարարները քննարկեցին հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ տիրող կացութիւնը:
«Քայլեր ձեռնարկուած են Հայաստանի հետ սահմանի ամրապնդման համար» յայտնեց Պայրամով ։
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Արա Այվազեանի հետ:
«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին ծագած լարուածութեան վերաբերեալ Ժան Իվ Լը Տրիան յիշեցուց Ֆրանսայի խոր մտահոգութիւնը եւ հաւատարմութիւնը Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան պահպանման: Ֆրանսա ուշադրութեամբ կը հետեւի իրավիճակին եւ կոչ կ՛ուղղէ կողմերուն՝ շարունակելու երկխօսութիւն` Հայաստանի տարածքէն ատրպէյճանական ուժերու անյապաղ հեռացման համար», կը տեղեկացնեն Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութենէն: