ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Հայ ազգային կոնգրես» կուսակցութիւնը պիտի մասնակցի 20 Յունիսին տեղի ունենալիք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն՝ Հայաստանի նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի գլխաւորած ընտրացանկով։
Կուսակցութիւնը այս մասին հաղորդագրութիւն հրապարակեց եւ յայտարարեց, որ 18 Մայիսին տեղի ունեցաւ «Հայ ազգային կոնգրես»ի նորընտիր վարչութեան անդրանիկ նիստը, որ քննարկեց ընտրութիւններուն կուսակցութեան մասնակցութեան հարցը եւ տուաւ վերոնշեալ որոշումը։