ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէլի Կեդրոնական զբօսայգիին մէջ (216 S. Brand Blvd. Glendale, CA 91203), մինչեւ 28 Մայիս պիտի ցուցադրուի յաւերժութեան հայկական խորհրդանիշը։
«Յաւերժական Հայաստան» լուսաւոր քանդակին հեղինակներն են՝ Մարկարիթա Սիմոնեան, Վրէժ Պաքալեան եւ Եւա Պապայեան: Անիկա նուիրուած է Հայեց Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն եւ Արցախի երկրորդ պատերազմի առաւել քան 4000 զոհերու յիշատակին։
14 Մայիսէն ի վեր ցուցադրուող քանդակը կարելի դարձած է՝ շնորհիւ Կլենտէյլ քաղաքի Արուեստներ եւ մշակոյթ յանձնաժողովին եւ Գրադարան, արուեստներ եւ մշակոյթ բաժանմունքին աջակցութեան։