
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ըրաւ երկրի քաղաքացիներուն, որ այս հանգրուանին զերծ մնան Հայաստան այցելելէ, «Քորոնա» ժահրով վարակուելու մեծ հաւականութեան պատճառով:
Նախարարութիւնը նաեւ կոչ ըրաւ ամերիկացներուն՝ Արցախ չայցելելու եւ զգուշ ըլլալու, եթէ անպայման պէտք է այցելեն Ատրպէյճանի սահմանակից շրջանները: «Նկատի ունեցէք, որ այդ ճամբաներու որոշ հատուածներու մէջ կրնաք առանց նախնական զգուշացման հատել պետական սահման», կ՛ըսուի նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։