Չորեքշաբթի, 12 Մայիսին գումարուած Կրօնական 10րդ ժողովին ընթացքին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան յառաջացուց Սարկաւագաց համախմբում մը, որուն պատասխանատու նշանակեց Մովսէս քհնյ. Շաննագեանը, իսկ յանձնախումբի անդամներ՝ սարկաւագներ Ժագ Նալճեանը, Սուրէն Հազարեանը, Երուանդ Քէշիշեանը եւ Թուխման Տէր Խաչատուրեանը:
Երեքշաբթի, 18 Մայիսի առաւօտեան, առաջնորդ սրբազան հայրը Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց պատասխանատու քահանայ հայրը եւ յանձնախումբի անդամ սարկաւագները, ապա անոնց փոխանցեց իր ցուցմունքները, որպէսզի անհրաժեշտ գործունէութիւնը սկսին ծաւալել Սարկաւագաց համախմբումի ծիրին մէջ:
Այս յանձնախումբին պարտականութիւնն է՝ կազմակերպել սարկաւագաց եկեղեցական արարողութիւններ, դասախօսական եւ լսարանային շարքեր ու համագումարներ, որոնց ընթացքին Արեւմտեան Ամերիկայի ծխական համայնքներուն մէջ գործող սարկաւագները առիթ պիտի ունենան քով-քովի գալու, իրարու հետ մօտէն առնչուելու, եղբայրաբար իրենց փորձառութիւնները կիսելու, ինչպէս նաեւ նոր գիտելիքներ եւ ուսուցման արդի հնարքներ ձեռք ձգելու:
Յայտնենք, որ այս համախմբումին մաս կը կազմեն Արեւմտեան թեմին մէջ գործող բոլոր սարկաւագները եւ ուրարակիրները: