ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Օրհնութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Երիտասարդական յանձնախումբին, Ուրբաթ, 14 Մայիսի երեկոյեան, երիտասարդական խորհրդակցական առցանց հանդիպում մը տեղի ունեցաւ: Հանդիպման իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերին զանազան թեմերէ եւ շրջաններէ երիտասարդներ, ինչպէս նաեւ յանձնախումբի անդամ միաբան հայրեր:
Վեհափառին աղօթքէն ետք, բացման խօսքը արտասանեց Երիտասարդական յանձնախումբի ատենապետ Մեսրոպ եպս. Սարգիսեան: Ողջունելով երիտասարդներուն մասնակցութիւնը` ան ակնարկ մը նետեց 2019 թուականին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած խորհրդակցական հանդիպման վրայ եւ յայտնեց, որ «Քորոնա» համաճարակին ստեղծած պայմաններուն պարտադրանքով, դժբախտաբար, կարելի չեղաւ իրագործման ընթացքի մէջ դնել զայն: Ուստի, ներկայ պայմաններուն լոյսին տակ, հարկ է ծրագիրը յառաջ տանիլ ու զայն իրագործել: Իր խօսքի աւարտին, սրբազանը հրաւիրեց կաթողիկոսը` իր օրհնութիւնը եւ պատկերացումները փոխանցելու եւ աշխատանքին ընդհանուր ուղղութիւն մը տալու:
Վեհափառը հայրական սիրով ողջունելէ ետք երիտասարդները` իր գոհունակութիւնը յայտնեց նման հաւաքի մը կազմակերպման, երիտասարդներուն հետ ըլլալու եւ մանաւանդ զիրենք լսելու: Ան յիշեցուց, թէ երիտասարդութիւնը թէ՛ մեր եկեղեցւոյ, թէ՛ հայրենիքին, թէ՛ մեր գաղութներուն եւ թէ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդի կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ կոչուած է աւելիով ներկայութիւն դառնալու, որովհետեւ, ինչպէս յաճախ կը շեշտենք, երիտասարդութիւնը մեր ո՛չ միայն ներկան է, այլ նաեւ մեր ապագան եւ չենք կրնար մեր ապագան կերտել առանց երիտասարդութեան գործօն ներկայութեան ու ներդրումին մեր կեանքէն ներս:
Ներկայ համաշխարհայնացած աշխարհին հետ քայլ պահելու հրամայականէն մեկնելով` կաթողիկոսը ըսաւ, որ այլեւս աւանդական դարձած մեր կառոյցները, իրենց զմրսուած մտածումներով ու կաղապարուած մօտեցումներով, սկսած են անշնչելի դառնալ մեր երիտասարդներուն համար: Հետեւաբար, մեր ազգային թէ եկեղեցական կեանքի վերանորոգման գործընթացին մէջ երիտասարդութիւնը կարեւոր պատասխանատուութիւն ունի, ինչպէս նաեւ իրաւունք ու պարտաւորութիւն` իր ըսելիքը ըսելու եւ գործօն մասնակցութիւն բերելու:
Եզրափակելով իր խօսքը` հայրապետը ըսաւ, թէ ներկայ աշխարհը կը փորձէ ֆորումներու ու տիալոկներու ճամբով զանազան մարզերու վերոբերող մարդուժը ի մի համախմբել. սակայն մեր պարագային, անիկա տեսական կամ պարագայական պէտք չէ ըլլայ, այլ հիմնական արժէքներու, սկզբունքներու եւ ձգտումներու շուրջ պէտք է ըլլայ:
Ապա, վեհափառը իր խօսքէն ետք առանձին ձգեց հաւաքին մասնակցող երիտասարդները, որպէսզի ազատօրէն կարենան իրենց տեսակէտները պարզել:
Պետրոս վրդ. Մանուէլեանի, Զարեհ վրդ. Սարգիսեանի եւ Յովակիմ վրդ. Բանճարճեանի զեկոյցներէն ետք տեղի ունեցաւ ծրագիրի քննարկում` առաջնորդութեամբ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանի: Երիտասարդները աշխոյժ մասնակցութիւն բերին քննարկումներուն` իրենց մտահոգութիւնները եւ սպասումները փոխանակելով` հայ կեանքին մէջ երիտասարդութեան առանցքային դերը առաւել եւս շեշտելու նպատակասլաց մօտեցումով:
Յայտնենք, որ նման քննարկումներ պիտի շարունակուին Կաթողիկոսարանի Երիտասարդական Յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ: