Հինգշաբթի, 20 Մայիսի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան ընդունեց այցելութիւնը Մոնթեպելլոյի Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի տնօրէն Դաւիթ Ղուկասեանի, որուն կ՛ընկերակցէին Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի Ռան եւ Գոհարիկ Գաբրիէլ մանկամսուրի վարիչ Անգինէ Իսկաճեան, Ուսումնական մարմինի ատենապետուհի Գոհարիկ Գաբրիէլ եւ անդամ Սիրանուշ Ռուսեան:
Հանդիպման ընթացքին առաջնորդ սրբազան հայրը գնահատեց Մեսրոպեան վարժարանի կրթական մշակներու ազգանուէր գործունէութիւնը եւ զրոյցի ճամբով հասու եղաւ վարժարանին ուսումնական, աշակերտական եւ ընկերային կեանքը յուզող հարցերուն՝ յոյս յայտնելով, որ համաճարակային ներկայ դրութիւնը եւ գործելաոճը ի մօտոյ վերջ կը գտնեն եւ յառաջիկայ աշնան Միացեալ Նահանգներու թէ ամբողջ աշխարհի համար կը բացուի կրթական բնականոն տարեշրջան մը:
Այցելուները ուժ եւ կարողութիւն մաղթեցին սրբազան հօր՝ իր առաջնորդական ծառայութեան մէջ, լիայոյս ըլլալով, որ ամէնէն մօտիկ ապագային սրբազան հայրը կ՛ընդունին Մեսրոպեան Ազգային վարժարանին մէջ: