ԼՈՆՏՈՆ, «Պի.Պի.Սի.».- Եւրոպական պետութիւններ եւ Ուաշինկթըն 24 Մայիսին դատապարտեցին Պելոռուսի իշխանութիւնները, որոնք մէկ օր առաջ առաւել քան 170 ճամբորդներ փոխադրող օդանաւի մը վայրէջը պարտադրած էին, պարզապէս այլախոհ լրագրող Ռոման Փրոթասեւիչը ձերբակալելու համար։
Մինչ Եւրոպական Միութիւնը կը քննէ Մինսքի դէմ պատժամիջոցներ պարտադրելու կարելոիութիւնը, «Ռայըներ» օդանաւային ընկերութիւնը տեղի ունեցածը «պետական ահաբեկչութիւն» որակեց, իսկ լրագրողին հայրը մտահոգութիւն յայտնեց, որ ան չարչարանքներու կ՛ենթարկուի։