ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան 15 Յունիսին պիտի այցելէ Պաքու, իսկ յաջորդ օրը՝ Շուշի, ուր անոր մասնակցութեամբ տեղի պիտի ունենայ Թուրքիոյ կառավարութեան նիւթական աջակցութեամբ կառուցուող դպրոցի մը հիմնարկէքի արարողութիւնը: Այս մասին, 27 Մայիսին, Թուրքիոյ կրթութեան նախարար Զիա Սելչուքի հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, առանց յստակացնելու, թէ ի՛նչ դպրոցի մասին է խօսքը:
Նշենք, որ թրքական ազգայնամոլներու «Գորշ գայլեր» կազմակերպութիւնը յայտարարած էր, որ Շուշիի մէջ դպրոց պիտի կառուցէ եւ նախագիծը քննարկելու նպատակով կազմակերպութեան պաշտօնական պատուիրակութիւն մը Պաքու այցելած էր եւ հանդիպումներ ունեցած Պաքուի իշխանութիւններուն հետ: