Ստորեւ կու տանք Երեքշաբթի, 4 Մայիսին կատարուած Խաժակ Տիքիճեանի թաղման արարողութեան ընթացքին ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտիէ դամբանականը՝ արտասանուած Արա Խանճեանի կողմէ.
Այսօր հրաժեշտ կու տանք ընկեր Խաժակ Տիքիճեանի անշնչացած մարմինին եւ հողին կը յանձնենք զայն, հրաժեշտ տալով իր երկրային ներկայութեան: Ներկայութիւն մը, որ ընկերասիրութեամբ ու պարկեշտութեամբ մեզմէ իւրաքանչիւրին կեանքը ճոխացուց եւ հարստացուց: Այս պահէն անդին, այդ հարստութիւնը պիտի շարունակէ ապրիլ իր տիկնոջ՝ Շողիկին, զաւակներուն՝ Սեւակին, Այգին, Նայիրիին, իր հարազատներուն եւ իր շատ ու շատ ընկերներուն մէջ՝ իրմէ մնացած քաղցր յիշատակներով, իրեն յատուկ ժպիտով, եւ իր խոր սկզբունքային կեցուածքներով:
Եւ որքան ալ որ այսօրը տեսակ մը հրաժեշտի պահ ըլլայ, ես պիտի ուզեմ որ այս ըլլայ նաեւ վերանորոգման պահ՝ Խաժակին բոլոր բարի եւ կառուցողական գործերը յիշելով: Վերանորոգման պահ` իր լաւատեսութիւնն ու վարակիչ յանձնառութիւնը մտաբերելով:
Իսկապէս որ անհնար է ընկ. Խաժակին հանրային գործունէութեան ու ազգային ծառայութեան հանդէպ արդար ըլլալ, զայն ամփոփելով դամբանականի մը ճամբով արտասանուած երկու խօսքի մը մէջ: Հոն ծառայական ամբողջ կեանք մը կայ, շատ ընդգրկուն քանակով, բայց աւելի կարեւորը` ծառայական աշխատանքի ուղի մը իր բարձր որակով:
Խաժակ Տիքիճեան պատանի տարիքէն անդամակցած է ՀՄԸՄի սկաուտական շարքերուն, եւ արդէն նոյն ժամանակ միացած է ՀՅԴ Զաւարեան Աշակերտական միութեան, ապա՝ Դաշնակցութեան շարքերը անցնելով՝ անդամակցած է Զաւարեան Ուսանողական Միութեան, զբաղեցնելով վարչական պաշտօններ:
Ան նկատառելի եւ կարեւոր մասնակցութիւն բերաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի սկզբնական օրերուն` հայութիւնն ու հայաբնակ թաղերը պաշտպանելու առաքելութեան, ինչպէս նաեւ դաշնակցական մարտունակ երիտասարդութիւնը դաստիարակելու եւ թրծելու գործին մէջ:
Իսկ երբ անձնական կեանքի պայմանները զինք բերին եւ հասցուցին այս ափերը, ընկ. Խաժակը անմիջապէս եկաւ իր տեղը գտնելու այս անգամ Արեւմտեան Ամերիկայի ազգային-կուսակցական կեանքին մէջ: 1980 թուականին ընտրուեցաւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, ու յաջորդող տարիներուն քանի մը անգամներ վերընտրուեցաւ՝ իբրեւ այդ մարմնին անդամ, ու այդ ճամբով ստանձնեց պատասխանատու պաշտօններ: 2000 թուականին, ան մասնակցեցաւ կուսակցութեան գերագոյն ժողովին՝ ՀՅԴ 28րդ Ընդհանուր ժողովին:
Ընկեր Խաժակին գործունէութիւնը ծաւալած է նաեւ ազգային-եկեղեցական մարզէն ներս՝ իբրեւ ազգային երեսփոխան, Արեւմտեան թեմի Ազգային վարչութեան անդամ եւ ատենապետ, ու նաեւ տարիներ շարունակ՝ իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ:
Անոր ազգային-հասարակական գործունէութիւնը գնահատելով, Արամ Ա. կաթողիկոսը զինք պարգեւատրած է «Կիլիկիոյ Իշխան» շքանշանով:
Խաժակին համար ազգային-կուսակցական գործը ամէնօրեայ բաժինն էր իր կեանքին: Եւ ինչպէս որ իր ամէն մէկ արթուն վայրկեանը տրամադրեց ազգային-կուսակցական կեանքին, այդքանով ալ մեր ազգային-կուսակցական կեանքը այսօր կը պարպուի իր մէկ մեծ նուիրեալէն, որուն ամբողջ կեանքը եղաւ նուիրում եւ անսակարկ ծառայութիւն:
Ընկեր Խաժակը նուիրականացուց եւ կեանք տուաւ դաշնակցականի իր երդումին, «կեանքի գնով հայութեան եւ Հայաստանի շահերուն ծառայելու» երդման խօսքերու գործնականացումով, գործունէութիւն մը՝ որուն ծալքերը ու շատ մը մանրամասնութիւններ անյայտ պիտի մնան շատերուս:
Ան իր պարտաճանաչութեամբ եւ համեստ գործունէութեամբ իր դրոշմը ձգեց իր գաղափարակից ընկերներուն, ինչպէս նաեւ իրեն բոլոր գործակից ժողովականներուն վրայ: Յետադարձ ակնարկ մը նետելով ընկեր Խաժակին անցած նկատառելի ճամբուն վրայ՝ կարելի է համոզումով նշել, թէ որքանով որ տարիներու ընթացքին կը բարձրանային իր ստանձնած պաշտօններն ու պատասխանատուութիւնները, ան նոյնքանով կը համեստանար, պարզ ու անմիջական կը դառնար: Արդարեւ, շատ պարզ ու յստակ է այս պարագայի տրամաբանութիւնը: Ան եղաւ տիպար դաշնակցական, որովհետեւ լաւ հայ մըն էր, ան լաւ հայ էր, որովհետեւ առաքինի մարդ էր ամէն բանէ առաջ:
Անոր կարօտը պիտի շարունակէ տանջել բոլորս՝ ընտանիք, հարազատներ եւ ընկերներ: Բայց Խաժակին հանդէպ մեր կարօտին եւ իրմէ մեզի մնացած յուշերուն մէջ, վստահ եմ որ ամէնէն աւելի մենք իր տեսակն է որ պիտի կարօտնանք, պիտի փնտռենք` ազնիւ մարդու եւ ազնիւ հայու իր տեսակը:
Եւ ուրեմն, այսօր հողին կը յանձնենք Խաժակ Տիքիճեան մարդը, հայուն եւ դաշնակցականի անշնչացած մարմինը, վերանորոգելով մեր նուիրումն ու յանձնառութիւնը այն բոլոր սկզբունքներուն, այն գաղափարախօսութեան, եւ ազգային նպատակներուն ուղղութեամբ, որոնք ընկեր Խաժակինն էին, որովհետեւ այդպիսով մենք լաւագոյն ձեւով մեր պարտքն ու յարգանքը մատուցած կ՛ըլլանք խաժակներու եւ իրմէ առաջ եկած ու արդէն մեզմէ մեկնած խոնարհ նուիրեալներու յիշատակին ու յանուն անոնց անմահութեան:
Յանուն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին, բոլոր մարմիններուն եւ ընկերներուն, կը խոնարհինք ընկեր Խաժակի յիշտատակին, ու անոր թողած աւանդին առաջ:
Մեր խորին ցաւակցութիւնները ընկերուհի Շողիկին, ընկերներ Սեւակին, Այգին եւ Նայիրիին, ինչպէս նաեւ բոլոր հարազատներուն եւ բարեկամներուն:
Հողը թող թեթեւ գայ վրադ, սիրելի եւ անզուգական ընկեր Խաժակ:
Յիշատակդ անթառամ: