Ստորեւ՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի նախկին առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի սրտի խօսքը՝ արտասանուած Խաժակ Տիգիճեանի թաղման արարողութեան ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 4 Մայիսի.
Սիրելի Խաժակ,
Խոնարհ սրտով, բարի հոգիով, խաղաղասէր ոգիով լի, Աստուծոյ եւ ազգին դուն զաւակ։
Առաքինի ընկեր եւ անաչառ բարեկամ։
Ժիր աշխատող, բարին կամեցող, նուիրեալ սպասարկուն գաղութին։
Անշահախնդիր եւ ազնուական զաւակը Կիլիկեան Ս. Աթոռին։
Կարեկցութեամբ եւ սիրով զեղուն ընտանիքի որդի, եղբայր, ամուսին, հայր, մեծ հայր եւ հարազատ։
Ննջէ խաղաղութեամբ։
Լոյս մշտնջենի հոգիիդ։
Յիշատակդ անթառամ սիրելի Խաժակ։
Եղբայրօրէն՝
Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան
4 Մայիս 2021