ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան 2022ի ամավարկի իր առաջարկին մէջ Հայաստանի համար նախագահ Պայտընի վարչակազմը միայն 24 միլիոն տոլարի նպաստ առաջադրած է, ինչ որ անբաւարար կը նկատէ մարդասիրական եւ տնտեսական տագնապներ դիմագրաւող Հայաստանի եւ Արցախի կարիքներուն համար։
Հայ Դատը կը յիշեցնէ, թէ 65 քոնկրեսականներ առաջարկած էին առնուազն 100 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն տրամադրել Հայաստանին եւ Արցախին։ Հայ Դատը կը ջանայ 250 միլիոն տոլարի բարձրացնել այդ գումարը։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան յոյս կը յայտնէ, որ Քոնկրեսը կը սրբագրէ գործադիրին սխալ որոշումը՝ յիշեցնելով, որ Ամերիկայի նախորդ կառավարութիւնները 120 միլիոն տոլարի ռազմական աջակցութիւն տրամադրած են քարիւղով հարուստ եւ Հայաստանի ու Արցախի վրայ յարձակող Պաքուին, մինչ այժմ Հայաստանին կը զլացուի մարդասիրական տարրական աջակցութիւն։ Համբարեան նաեւ շեշտեց, թէ Ատրպէյճանին տրամադրուող ռազմական աջակցութիւնը պէտք է անմիջապէս կասեցուի։
Ամավարկին մէջ 23,405,000 տոլարի տնտեսական եւ 600,000 տոլարի ռազմական աջակցութիւն վերապահուած է Հայաստանին, իսկ թմրանիւթերու առեւտուրի դէմ պայքարին եւ օրէնքը պարտադրելու միջազգային գումարին 6,050,000 տոլարը վերապահուած է Հայաստանին։
Հայաստանին եւ Արցախին յաւելեալ օժանդակութիւն ապահովելու Հայ Դատի նամակագրութեան արշաւին մասնակցելու համար այցելել www.anca.org/aid կայքէջը։