ԿԼԵՆՏԷՅԼ․- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութիւնը 9 Յունիսին արդիւնաբեր հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին մէջ Քալիֆորնիան ներկայացնող նորագոյն ծերակուտականին՝ Ալեք Փըտիայի հետ, քննարկելով ամերիկահայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր։
Քննարկումին գլխաւոր հարցերէն էին՝ Ատրպէյճանին տրամադրուող ռազմական աջակցութիւններու անյապաղ կասեցումը եւ Միացեալ Նահանգներու ու Հայաստանի միջեւ ռազմավարական յարաբերութիւններու հաստատումը։
«Գոհ ենք մեր համայնքի երկար տարիներու դաշնակից եւ զօրակցող ծերակուտական Ալեք Փըտիայի հետ մեր հանդիպումին արդիւնքներով եւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք, որ ան պատրաստակամութիւն յայտնեց ամերիկահայութեան հետ գործակցելու իր նոր պաշտօնին մէջ եւս», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան։
Յիշեցնենք, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Դեկտեմբերին շնորհաւորած էր մինչ այդ Քալիֆորնիոյ նահանգային քարտուղար Ալեքս Փըտիան՝ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմի կողմէ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամ նշանակուելուն առիթով: Փըտիա կը հանդիսանայ Ծերակոյտին մէջ Քալիֆորնիան ներկայացնող առաջին սպանախօս քաղաքական գործիչը։ Նահանգապետը այս քայլին դիմեց, որովհետեւ Քալիֆորնիան ներկայացնող երկու ծերակուտականներէն մէկը՝ Քամըլա Հերիս, ընտրուեցաւ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ: Փըտիա պիտի ամբողջացնէ Հերիսի վեցամեայ պաշտօնավարութեան մնացեալ երկու տարիները։
Փըտիա Հայ Դատին զօրակցութիւնը ապահոված էր Քալիֆորնիոյ նահանգային քարտուղարը ընտրուելու պայքարին ընթացքին եւ 2019ին մասնակցած էր Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած խորհրդաժողովին՝ իբրեւ գլխաւոր բանախօսներէն մէկը։