ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Թիւֆէնքեան» գեղարուեստի ցուցադրասրահին մէջ, Ուրբաթ, 2 Յուլիսին բացուող աշխարհահռչակ երաժիշտ Սերժ Թանգեանի գեղանկարչական եւ անոնց զուգորդող երաժշտական ստեղծագործութիւններու իւրայատուկ անհատական ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 16 Յուլիս ։
Ցուցադրասրահի հասցէն է՝ 216 S. Louise Street, Glendale, CA 91205: Ցուցադրասրահը բաց է Չորեքշաբթիէն Շաբաթ օրերը, առաւօտեան ժամը 11էն կէսօրէն ետք ժամը 5:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքը, կամ «Ֆէյսպուք»ի կայքէջը, դիմել (818) 288-4635 թիւին կամ caroline@tufenkianfinearts.com հասցէին։