ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ինչպէս օրին հաղորդած էինք, Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտը Մայիսին միաձայնութեամբ վաւերացուց թիւ 457 բանաձեւը, որ նահանգի տեղական կառավարման մարմիններուն եւ աշխատաւորական միութիւններուն արտօնութիւն կու տայ իրենց ներդրումները ետ քաշելու Թուրքիայէն:
Բանաձեւը Փետրուարին ներկայացուած էր Ծերակոյտի անդամներ Էնթընի Փորթանթինոյի եւ Սքաթ Ուիլքի կողմէ:
Փորթանթինօ յաջորդ քայլերը բացատրելու նպատակով, 16 Յունիսին կազմակերպած էր մամլոյ ասուլիս մը, որ տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի Արցախ փողոցին վրայ։
Ծերակուտականը յայտնեց, թէ Քալիֆորնիոյ հանրային վարժարաններու ուսուցիչներու հագստեան կոչման համակարգը՝ CalSTRS-ը, արդէն իսկ իր ներդրումերը Թուրքիայէն ետ քաշելու քայլերու դիմած է, կասեցնելով թրքական պետական երեք դրամատուներու մէջ ներդրումները։
Ան յոյս յատնեց, որ նահանգին հանրային պաշտօնեաներու համակարգը եւս նման քայլի մը կը դիմէ մօտիկ ապագային եւ աւելցուց, որ նման պատժական քայլեր կենսական են Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման վերջ տալու համար:
Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Փորթանթինօ ընթերցեց նաեւ ծերակուտականներ Սքաթ Ուիլքի եւ Անտրէաս Պորկասի կողմէ յղուած պատգամները:
Ձեռնարկին համակարգողն էր նշեալ բանաձեւին պատրաստութեան մէջ դերակատարութիւն ունեցած Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Արտաշէս «Արտի» Քասախեան, որ քաղաքին ներդրումները Թուրքիայէն ետ քաշել պահանջող առաջարկ մը ներկայացուցած է: Ան շեշտեց այս արշաւին իրականացման մէջ ՀԵԴի եւ Հայ ուսանողական միութիւններու կարեւոր դերակատարութիւնը։
Ելոյթներ ունեցան նաեւ այս արշաւը յառաջ մղած Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արմէն Սահակեան, Կլենտէյլի Միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան ատենապետ Շանթ Սահակեան, Կլենտէյլի համայնքային համալսարանի վարչութեան ատենապետ դոկտ. Արմինէ Յակոբեան, Կլենտէյլի Ուսուցիչներու միութեան ատենապետ Թալին Արսէնեան, ՀԲԸՄի ներկայացուցիչ Թալին Եագուպեան եւ Ամերիկայի Հայակական համագումարի արեւմտեան շրջանի գործավար Միհրան Թումաճեան։
Կլենտէյլի քաղաքապետ Փօլա Տիվայն բարի գալուտ մաղթեց Փորթանթինոյին եւ բանաձեւին իր զօրակցութիւնը յայտնեց։ Ներկայ էին նաեւ Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Վրէժ Աղաճանեան եւ Տենիըլ Պրոթմըն։