«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Կողմէ
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքը մեկնարկեց կրթաթոշակներու նոր ծրագիր մը Յունուար 2021ին, որ կը կեդրոնանայ Արցախի մասին հետազօտական աշխատանքներու վրայ: Այս նախաձեռնութիւնը մաս կը կազմէ բաժանմունքին «Հայագիտութեան կարճաժամկէտ կրթաթոշակ»ի ծրագիրին եւ կը նպատակադրէ քաջալերել Արցախի վերաբերեալ ժամանակակից ուսումնասիրութիւնները, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով յետ-1994եան ժամանակաշրջանին, ինչպէս նաեւ ներկայ կացութեան։
Դիմումներու առաջին փուլին (1 Մարտէն 20 Ապրիլ), չորս տարբեր երկիրներէ դիմումներ կատարուեցան. Հայաստան, Ֆրանսա, Լիբանան եւ Միացեալ Նահանգներ։ Այս փուլին, ութ դիմողներ կրթաթոշակ ստացան, նկատի ունենալով դիմումներուն որակը եւ ուսումնասիրութեան առարկաներուն այժմէականութիւնը: Նիւթերն են՝ արտաքին քաղաքականութիւն եւ ապահովութիւն, միջազգային օրէնք, մշակութային ինքնութիւն, սեռային ներառականութիւն, խաղաղութեան հաստատում, սնունդի ապահովութիւն, ինչպէս նաեւ բնապահպանական հարցեր։
Կրթաթոշակներուն ընդհանուր գումարը 30,000 եուրօ է, որ յատկացուեցաւ հետեւեալ դիմողներուն.
– Ատրինէ Գրիգորեան (Միացեալ Նահանգներ)
– Դոկտ. Ալբերթ Հայրապետեան (Հայաստան)
– Արմէն Ասրեան (Հայաստան)
– Դոկտ. Քարոլ Ման (Ֆրանսա)
– Ղարիպ Յարութիւնեան (Հայաստան)
– Դոկտ. Իկոր Տորֆման-Լազարեւ (Ֆրանսա)
– Դոկտ. Ռուբէն Էլամիրեան (Հայաստան)
– Դոկտ. Թալին Փափազեան (Ֆրանսա)
Կը շնորհաւորենք բոլոր նպաստառուները, եւ մեծ հետաքրքրութեամբ կը սպասենք այլազան ուսումնասիրութիւններու արդիւնքներուն։
Արցախի մասին հետազօտական կրթաթոշակներու այս ծրագիրը պիտի ունենայ դիմելու երկրորդ փուլ մը՝ 1 Յուլիս էն 31 Օգոստոս 2021։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել ծրագիրին էջը՝