
ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահ Փերվին Պուլտանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը վերջերս այցելեց Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղը՝ Վագըֆ:
Պուլտանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելեց տեղւոյն Մայր Աստուածածին եկեղեցին, հանդիպեցաւ եւ զրոյցեց եկեղեցւոյ սպասաւորներուն հետ եւ մոմ վառեց այնտեղ:
Ապա, կուսակցութեան գործիչները հանդիպեցան Վագըֆ գիւղին մէջ արտադրութիւններ իրականացնող կիներու հետ:
«Ալեւիներու, հայերու եւ քիւրտերու ճակատագիրները նոյնն են: Մենք պէտք է համատեղ պայքարի միջոցով գտնենք յաջողութեան ուղիները», յայտարարեց Փերվին Պուլտան: