ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն միջազգային դիտորդական առաքելութիւն կատարած ԵԱՀԿի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի (ԺՀՄԻԳ), ԵԱՀԿի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԱՀԿ ԽՎ) եւ Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) ներկայացուցիչները 21 Յունիսին տուին մամլոյ ասուլիս մը եւ յայտնեցին, որ ընտրութիւնները եղած են մրցակցային եւ կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին լաւ կազմակերպուած:
Սակայն, անոնք նկատել տուին, թէ նկատելի էր բեւեռացում եւ մրցակիցներու մօտ բորբոքած հռետորաբանութիւն։
Առաքելութիւնը եզրակացուց, որ ընտրական իրաւական դաշտը հիմնականին մէջ եղած է ընդգրկուն, բայց որոշ թերութիւններ կային։ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը իր աշխատանքը կատարած է թափանցիկ, հաւաքական եւ մասնագիտական ձեւով:

«Մեր առաքելութեան ճնշող մեծամասնութիւնը, ընդհանուր առմամբ, դրական կը նկատէ ընտրութիւններու օրը` ներառեալ ձայներու հաշուարկը», յայտնեցին դիտորդները: Ըստ դիտորդական առաքելութեան յայտարարութեան` նախընտրական շրջանին՝ քարոզարշաւին ընթացքին, ազգային անվտանգութեան հարցերը գերակշռած են քաղաքական բանավէճին: Ընտրութիւններուն օրը, ընդհանուր առմամբ, խաղաղ եղած է, եւ դիտորդներուն ճնշող մեծամասնութիւնը դրական գնահատական տուաւ իր այցելած տեղամասերուն մէջ ընթացած քուէարկութեան: Անոնք դիտել տուին, որ ձայներու հաշուարկի գործընթացը եղած է լաւ եւ շատ թափանցիկ:
Իր կարգին, ԱՊՀի դիտորդական առաքելութիւնը արձանագրեց, որ Հայաստանի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն չեն արձանագրուած այնպիսի խախտումներ, որոնք կրնան ազդեցութիւն ունենալ ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ:
Այս մասին յայտարարեց դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Իլհոմ Նեմաթով, որ ըսաւ, թէ գործընթացը եղած է Ընտրական օրէնքի պահանջներուն համապատասխան, եւ թէ նկատելի չեն եղած այնպիսի խախտումներ, որոնք կրնան ազդել արդիւնքներուն վրայ։
Ան նշեց նաեւ գործընթացին բարձր կազմակերպչական մակարդակին մասին: Ըստ Նեմաթովի՝ ընտրութիւնները կազմակերպուած եւ տեղի ունեցած են Հայաստանի սահմանադրութեան ու Ընտրական օրէնսգիրքի պահանջներուն համապատասխան:
Ըստ դիտորդներուն՝ թերացումներ եղած են, սակայն անոնք համակարգային բնոյթ չեն ունեցած: