ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ազատութիւն».- «Թասս» լրատուական գործակալութեան փոխանցած տեղեկութեան համաձայն՝ Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճան արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրով եւ Ճէյհուն Պայրամով 23 Յունիսին հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին քննարկեցին Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն եռակողմ համաձայնութեան կատարումը եւ յատկապէս՝ մարդասիրական հարցերու լուծումը:
Նախարարները քննարկեցին նաեւ երկկողմանի, տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգին վերաբերող այլ նիւթեր:
Միւս կողմէ, միջազգային ապահովական հարցերու 9րդ Մոսկովեան համաժողովի մասնակցողներուն հասցէագրուած իր ուղերձին մէջ, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնեց, թէ Ռուսիա վճռական դեր կատարած է Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ: Ըստ անոր՝ «ռուս խաղաղապահները այժմ վստահօրէն կ՛երաշխաւորեն տարածաշրջանի խաղաղութիւնը եւ մեծ աշխատանք կը կատարեն մարդասիրական իրավիճակի բարելաւման, տարածքներու ականազերծման եւ ընկերային ենթակառոյցներու վերականգնման համար»:
Աւելի ուշ, Փութին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ՝ անդրադառնալով նաեւ Արցախի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին: Ըստ Քրեմլինի` զրոյցը տեղի ունեցաւ ատրպէյճանական կողմին նախաձեռնութեամբ եւ քննարկուեցան վերոնշեալ եռակողմանի համաձայնութիւններուն իրականացման հեռանկարները: «Յատուկ ուշադրութիւն յատկացուած էր Հարաւային Կովկասի մէջ տնտեսական կապերու եւ փոխադրական կապերու վերականգնման շուրջ եռակողմանի ձեւաչափով աշխատանքներու աշխուժացման», կ՛ըսուի Քրեմլինի տարածած հաղորդագրութեան մէջ: