ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ»․- Թուրքիոյ մէջ ամէնէն շատ գործածուող կայքերէն մէկը՝ YouTube-ը, ջնջեց նախագահի հաղորդակցութեան տնօրէն Ֆահրեթթին Ալթունի ելոյթի մը տեսանիւթը՝ ատելութեան խօսքի քաղաքականութիւնը խախտելուն համար։ Ալթունի ելոյթը կը վերաբերի սպաննուած 31 թուրք դիւանագէտներուն։
Քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան պատուոյ նախագահ եւ նախկին երեսփոխան Էրթուղրուլ Քիւրքչիւ ըսած է, որ դիտած է ելոյթը եւ յանգած է այն եզրակացութեան, որ Ալթուն «ատելութիւն կը փսխէ հայ համայնքին դէմ»։ Ելոյթը դատապարտեց նաեւ երեսփոխան Կարօ Փայլան՝ Ալթունին յիշեցնելով, որ «ատելութեան խօսքը յանցագործութիւններ կը ծնի»։