ԳԱՀԻՐԷ, «Յուսաբեր».- Գերմանիոյ Քրիստոնեայ Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան անդամ քանի մը քաղաքական գործիչներ քննադատութեան ենթարկուեցան Ատրպէյճանի ի նպաստ իրենց լոպիական գործունէութիւնը շարունակելնուն համար, հաղորդեց SWR կայանը, նոր բացայայտումներ ներկայացնելով։
Կայանը կը նշէ, թէ Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ Ֆութպոլի Եւրոպայի ախոյանութեան մրցումներ կատարելը քննադատութիւններու առջեւ դուռ բացաւ, որովհետեւ նախագահ Իլհամ Ալիեւի վարչակազմը տարիներ շարունակ կը մեղադրուի մարդկային իրաւունքներ ոտնահարելու եւ ընտրութիւններ կեղծելու յանցանքներով։ Կայանը ցաւ կը յայտնէ, թէ Պաքուի վարկը բարելաւելու գործին մէջ դերակատար են նաեւ գերմանացի քաղաքական գործիչներ։ SWR-ի փաստերը լոյս կը սփռեն այդպիսի միջամտութիւններու վրայ։
Արցախի հարցով, Պունտեսթակի քանի մը անդամներու լոպիական գործունէութիւնը՝ ի նպաստ Պաքուի, ենթադրուածէն աւելի լայնածաւալ եղած է։ Պատգամաւորներ Նիքոլաս Լիոպել, Օլաւ Կութինկ, Էպերհարտ Կինկըր, Աքսել Ֆիշըր եւ Մարք Հաուպթման Դեկտեմբեր 2019ին «բողոքի նամակով» փորձած էին ճնշում գործադրել արտաքին գործոց նախարարութեան վրայ։
Պատգամաւորները պահանջած էին «պարզաբանում» Արցախի հակամարտութեան եւ Հայաստանի «ապօրինի» գործողութիւններուն վերաբերեալ։
Յատկանշական է, որ հինգ պատգամաւորներէն չորսը Սեպտեմբեր 2019ին Պունտեսթակի մէջ այդպիսի հարցումներ ուղղած էին։ SWR-ը վերջերս տեղեկացաւ, որ այս նախաձեռնութիւնը եկած էր Ատրպէյճանի դեսպանատունէն։ Դեսպանութեան աշխատակիցը նամակ մը գրած էր Պունտեսթակի անդամ Կինկըրին՝ նշելով. «Մենք շատ ուրախ կ՛ըլլանք, եթէ դուք հետեւիք այս հարցին եւ պարոն Լիոպելի հետ ուսումնասիրէք Պունտեսթակի հնարաւոր արձագանգները հայկական մօտեցման վերաբերեալ»։
Այնուամենայնիւ, պատգամաւորները նաեւ նամակ գրած էին ուղղակի արտաքին գործոց նախարար Հայքօ Մաասին՝ բողոքելով, որ դաշնկցային կառավարութիւնը «խուսափողական» կը պատասխանէ Պունտեսթագի մէջ բարձրացած հարցերուն։
SWR-ի հարցումը, թէ արդեօք այս նամակը նոյնպէ՞ս Ատրպէյճանի դեսպանատան նախաձեռնութեան արդիւնք է՝ Պունտեսթակի անդամները անպատասխան ձգեցին։
Պատգամաւոր Լոթար Պինտինկ անընդունելի համարեց իր 5 գործընկերներուն մօտեցումը։ Ան համոզուած է, որ անոնք գիտակցաբար աջակցեցան բռնապետութեան։
Ներգրաւուած պատգամաւորները SWR-ին չհերքեցին, որ եղած են այդ հարցումները, սակայն անոնք պնդեցին, թէ իրենք նիւթական ոչ մէկ օգուտ ստացած են այս բոլորէն։
Ներկայիս դատախազութիւնը կը հետաքննէ այս հարցը։