ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Կիրակի, 11 Յուլիսի գիշերը, ընկերային ցանցերու վրայ տեղ գտած տեսերիզի մը մէջ յայտնի կը դառնար, թէ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ առջեւ պատահած էր անախորժ դէպք մը. բազմութիւն մը հաւաքուած էր եկեղեցւոյ առջեւի փոքր հրապարակը՝ երաժշտութեամբ զուարճանալու տրամադրութեամբ, եւ անոնցմէ երեքը եկեղեցւոյ արտաքին դրան պատին վրայ մագլցելով պարած էին:
Պատրիարքական փոխանորդ եւ եկեղեցւոյ երէց՝ Գրիգոր Ա. քհնյ. Տամատեան կէսգիշերին կապ հաստատեց Սահակ Բ. պատրիարք հօր հետ եւ եկեղեցւոյ պաշտօնէութենէն ստացած տեղեկութիւններուն հիման վրայ, դէպքին մասին մանրամասնօրէն տեղեակ պահեց պատրիարքական աթոռը:
Ըստ եկեղեցւոյ փոխանցած տեղեկութիւններուն՝ Շաբաթ գիշերուան ուշ ժամերուն, գինովներ հաւաքուած են եկեղեցւոյ առջեւի փոքր հրապարակը եւ անոնցմէ երեքը եկեղեցւոյ արտաքին դրան պատին վրայ մագլցելով պարած են: Գիշերապահը նախ ազդարարած է, որ պատէն վար իջնեն: Երբ անոնք շարունակած են մնալ պատին վրայ, գիշերապահը տեղեակ պահած է ոստիկանութիւնը: Գիշերապահէն ստացուած տեղեկութեան համաձայն՝ երբ ոստիկանութիւնը հասած է դէպքին վայրը, արդէն իսկ բոլորը հեռացած են: Այս դէպքին նմանները վերջերս յաճախակիօրէն կը տեսնուին Գատըգիւղի կամ այլ վայրերու մէջ: Թաղին մէջ արդէն իսկ նման երեւոյթներ ընդհանրապէս դժգոհութիւններու դուռ բացած են եւ անհատական բողոքներ սկսած են ներկայացուիլ:
Բաց աստի, Թաղային խորհուրդը Երկուշաբթի առաւօտեան պաշտօնական բողոքագիր ներկայացուց ապահովական մարմիններուն՝ խնդրելով պատշաճ հետապնդում, որպէսզի եկեղեցւոյ առջեւ հրապարակին վրայ նման դէպքեր չպատահին:
Պատրիարք հայրը, լսելով դէպքի մասին՝ ցաւ յայտնեց եւ հասաւտիացուց, թէ պատրիարքական աթոռը, կապ հաստատելով պատկան մարմիններուն հետ՝ հետամուտ պիտի ըլլայ այս դէպքին: Պատրիարքը, այս առիթով հայրական իր թելադրութիւնները ըրաւ տէր հօր եւ վարչութիւններուն ու փոխանցեց իր օրհնութիւնները տեղւոյն ժողովուրդին:
Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ երեք կասկածելիներ ձերբակալուած են։