ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ 14 Յուլիսին կորսուած է կապը Հայաստանի հարաւ-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասի երկու զինուորներու հետ:
«Յուլիսի 14ի լուսադէմին, մառախուղի պայմաններում, ամրակցուած զինուորական աւտոմեքենայով ծառայողական պարտականութիւնները կատարելու ընթացքում կորել է կապը Հայաստանի Հանրապետութեան հարաւ-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած ՀՀ Զու N զօրամասի զինծառայող Արթուր Նալբանդեանի եւ վարորդ Արամայիս Տոռոզեանի հետ: Անմիջապէս մեկնարկել են որոնողա-փրկարարական աշխատանքներ, որոնք դեռեւս արդիւնք չեն տուել», կը յայտնէ պաշտպանութեան նախարարութիւնը, որ կը տեղեկացնեն նաեւ, թէ, ռուսական կողմին միջնորդութեամբ, Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ներկայացուցիչներուն հետ կը քննարկուի Ա. Նալբանդեանի եւ Ա. Տոռոզեանի` ատրպէյճանական տարածքին մէջ յայտնուելու հաւանականութիւնը. անոնք անզէն էին։