ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ»․- Շուրջ իննամսեայ ձգձգումէ ետք, Լիբանանի նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի Հինգշաբթի օր նախագահ Միշէլ Աունին հետ քննեց իր ներկայացուցած կառավարութեան ցանկին «ճակատագիրը»: Կարճատեւ խորհրդակցութենէ ետք, Հարիրի յայտարարեց իր հրաժարականը` զայն վերագրելով Աունի եւ իր միջեւ համախոհութեան չգոյութեան: «Նախագահին ներկայացուցի 24 նախարարներէ բաղկացած ցանկ մը եւ 24 ժամուան նոր առիթ տուի անոր, որ սերտէ եւ ապա պատասխանէ, սակայն նախագահ Աուն ըսաւ, որ մենք պիտի չկարենանք համաձայնիլ», յայտնեց ան:
Իր կարգին, Պաապտայի նախագահական պալատը շեշտեց, թէ «ամէն անգամ որ փորձ կը կատարուէր անունի մը շուրջ խորհրդակցելու, Հարիրի կը մերժէր` ըսել ուզելով. «Կա՛մ կ՛որդեգրէք այս ցանկը, կա՛մ ալ կը մերժէք զայն»: Հետեւաբար կարելի չեղաւ համախոհութեամբ քննարկել այս հարցը»:
Աուն շուտով պիտի ձեռնարկէ երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններու` վարչապետի նոր թեկնածու նշանակելու գծով:
Այս իրադարձութենէն ետք, ամերիկեան տոլարին սակագինը քանի մը ժամուան ընթացքին առաւել քան երկու հազար լիբ. ոսկիի բարձրացում արձանագրեց` հասնելով 22 հազարի սահմանը, ինչ որ երկիրը կրնայ մղել տնտեսական ու ապրուստի վիճակներու սրընթաց վատթարացման:
Նաեւ, երիտասարդ ցուցարարներու զայրացած ամբոխներ փողոց իջնելով անիւներ հրկիզեցին եւ փակեցին զանազան մայրուղիներ` երթեւեկի խճողում ստեղծելով: