ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի խորհրդարանի Միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Սամետ Սէյիտովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Ուրբաթ օր առաջին անգամ ըլլալով այցելեց գրաւեալ հիւսիսային Կիպրոսի «թրքական հանրապետութիւն»ը:
Ատրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ պատուիրակութիւնը ընդունուեցաւ «նախագահ» Էրսին Թաթարի կողմէ, որ հետեւեալը յայտարարեց. «Մենք մէկ ազգ ենք, երեք պետութիւն»: Ան նշեց, որ ասիկա «պատմական այցելութիւն» է:
«Մենք կ՛ուզենք, որ Հիւսիսային Կիպրոսը ուժեղ ըլլայ: Թրքական աշխարհը պիտի բարձրանայ: Այդ նպատակին հասնելու համար, Թուրքիա, Ատրպէյճան եւ Հիւսիսային Կիպրոսը պէտք է միասին ըլլան», իր կարգին ըսաւ Սէյիտով։