- Լիզա Կապուտեանի Կենսագրական Տուեալները. Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան
- Դամբանական՝ Արտասանուած Լիզա Կապուտեանի Յուղարկաւորութեան. Աւետիք Իզմիրլեան
- She Believed Helping Others Succeed Would Be Her Success. Lysa Gaboudian
- Լիզա Կապուտեանի Յուղարկաւորութեան Արտասանուած Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի Խօսքը. Թամար Թիւֆէնկճեան
- Լիզա Կապուտեան Նուիրեալի Յիշատակին. ՄՀԵՐ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
- ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Լիզա Կապուտեանի Կենսագրական Տուեալները

Լիզա Կապուտեանի յուղարկաւորութեան, անոր կենսագրութիւնը կարդաց Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան.
14 Մարտ 1951ին Ճէմիլ Սարգիսեան եւ Մատլէն Շիրոյեան զոյգը բախտաւորուած են իրենց առջնեկով՝ Լիզայով: Ապա Լիզան ունեցած է քոյր մը՝ Արփի եւ եղբայր մը՝ Րաֆֆի անունով: Նախակրթական ուսումը ստացած է Հալէպի Հայկազեան վարժարանէն: Մինչեւ 10 տարեկան ան վայելած է Հալէպը իր հայկական աւանդական, բարեկիրթ ու ազգային ընտանեկան յարկի իւրայատուկ ջերմութեամբ, որուն յիշողութիւնը եւ ազդեցութիւնը միշտ մնացած էին անոր էութեան մէջ:
1961ին, Սարգիսեան ընտանիքը Պէյրութ փոխադրուած է Սուրիոյ իշխանութեան կողմէ Դաշնակցութեան հանդէպ ծաւալած հալածանքներէն փախուստ տալու համար: Պէյրութի մէջ Լիզան յաճախած է Քաղաքի քոլէճը: 1968ին երկրորդականի ուսման ընթացքը անաւարտ ձգած՝ ընտանիքին հետ կը փոխադրուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ կայք կը հաստատէ Լոս Անճելըսի մէջ:
Երկրորդական ուսման ընթացքը շարունակած է Լոս Անճելըսի Hollywood High վարժարանին մէջ: Երկրորդականէն ետք ան անցած է LACC, իսկ պսակաւոր արուեստի վկայականը ստացած է UCLA համալսարանի պատմութեան բաժանմունքէն: Յետագային Մագիստրոսական տիտղոսը ստացած է Cal State Northridge համալսարանէն՝ Տարրական կր-թութեան մասնագիտութեամբ:
Լիզան կրթութեան եւ ուսման հանդէպ իր ունեցած խանդավառութեան եւ սիրոյն կողքին նաեւ գործունեայ միութենական եւ ազգային ոգիով լեցուն հայուհի մըն էր: Ազգային կեանքին եւ արժէքներուն հանդէպ իր տածած սէրն ու նախանձախնդրութիւնը զինք մղած են Լոս Անճելըսի մէջ ՀՄԸՄի շարքերը հիմնելու շարժումին մաս կազմելու: Լիզան եւ վերջերս մահացած Սաթիկ Սապունճեան-Տէր Յովհաննէսեան միասնաբար դարձած են Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի արծուիկներու պատասխանատու, ապա Լիզան վարած է խմբապետուհիի պաշտօնը 1968էն 1973 :
Լիզան իբրեւ հաւատաւոր դաշնակցականի զաւակ եւ այդ մթնոլորտին մէջ թրծուած երիտասարդուհի, դաշնակցականի իր կուսակցական երդումը տուած էր 1969ին, Լոս Անճելըսի մէջ, ազգին հայրենիքին եւ կուսակցութեան ծառայելու համար: Ան մնաց հաւատաւոր ու տիպար դաշնակցական մինչեւ իր մահը: Ինչպէս ընկեր Բաբգէն Փափազեան կը վկայէր. «Ընկեր մը կարելի է դաշնակցական կոչել, երբ ան դաշնակցական կը մեռնի»: Ան գործեց անխոնջ իր շատ սիրած կուսակցութեան համար եւ տառապեցաւ անոր ցաւերով: Ազգը եւ հայրենիքը անոր համար սրբութիւններ էին, որոնց համար միշտ պատրաստ էր զոհողութիւններու եւ ամբողջ կեանքին ընթացքին այդպէս դաստիարակած էր իրեն վստահուած սերունդները, իր սեփական զաւակները եւ թոռները:
1974ին ան կ՛ամուսնանայ իր շատ սիրած եւ յարգած գաղափարի ընկերոջ՝ Մարտիկ Կապուտեանի, հետ եւ մնաց անոր կեանքի ընկերը մինչեւ իր վերջին շունչը: Անոնք սիրով ու համերաշխութեամբ իրենց օրինակելի հայ բոյնը կը կազմեն եւ կը բախտաւորուին երկու մանչերով՝ Վան եւ Հրակ: Լիզային ու Մարտիկին հետեւողական եւ բծախնդիր աշխատանքներուն շնորհիւ, անոնք կրցան դաստիարակել տիպար հայ երիտասարդներ, որոնք իրենց ծնողներուն արդար ժառանգորդները դառնալով, միշտ պատնէշի վրայ են՝ ծառայելու կազմակերպութիւններուն, ազգին եւ հայրենիքին:
Ինչպէս ինք կը սիրէր ըսել իր անձին մասին. “I am a Lifelong Educator”, ան «Մշտական դաստիարակ» մըն էր: Իր շատ սիրած ասպարէզին նուիրուած էր 1973ին Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանէն:
1978ին, Լիզան «Ալէք Փիլիպոս»էն կ՛անցնի Ֆերահեան Ազգային վարժարան եւ հոն կը շարունակէ ուսուցչութիւնը մինչեւ 1989: Ան յաճախ կը պատմէր, թէ ինչպէս իրեն առիթ ընծայուած է հանրային վարժարանի մէջ դասաւանդելու եւ ինք՝ իբրեւ ազգային շունչով տոգորուած հայուհի, դժուարութեամբ այդ որոշումը տուած է: Սակայն պրն. Ինճէճիքեան քաջալերած եւ իր օրհնութիւնը տուած էր անոր՝ ըսելով. «Հոն գտնուող հայ աշակերտները քեզի աւելի պէտք ունին»: Հետեւաբար, Լիզան Լասսըն հանրային վարժարան սկսած է պաշտօնավարել, ուր հայերէնի դասաւանդման ծրագիրը նոր մշակուած էր զանգուածային կերպով ամերիկա գաղթած հայ աշակերտներուն համար: Լիզան հոն պաշտօնավարած է 1989էն 1999:
2001էն 2003 վարած LAUSD ցանցի Չանտլըր նախակրթարանի օգնական տնօրէնի պաշտօնը (Assistant Principal, Chandler Elementary, LAUSD), ապա 2003էն 2007 վարած է Սթակ Սթրիթ վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը (Principal, Stagg Street School, LAUSD): 2007էն մինչեւ 2014 զանազան վարչական եւ տեսչական պաշտօններ վարած է LAUSD համակարգին մէջ: 2007էն 2008 եղած է տարրական գրագիտութեան ծրագիրի վարչական համակարգող LAUSD-ի կազմին մէջ (Administrative Coordinator in Elementary Literacy, Central District), ապա՝ 2008էն 2014 ան վարած է Նախակրթարաններու ծառայութեան տնօրէնի պաշտօնը (LOS ANGELES UNIFIED SCHOOL DISTRICT, Director of Elementary School Services):
Հրակին ու Լիսային զաւակները իր կեանքի երջանկութեան աղբիւներն էին: Կարսը, Վայքը եւ Արդօն անոր ուշադրութեան եւ հոգատարութեան հիմնական կեդրոնն էին: Ամէն ջանք կը թափէր խնամելով, սորվեցնելով, խաղալով եւ միշտ դաստիատակիչ ծրագիրներ մշակելով կատարեալ հայ պահելով զանոնք: Գիտակից հայ մեծ մօր պարտականութիւնները բոլորովին կատարած եւ խնամած է իր թոռները: Իսկ հայ մեծ մամա ըլլալուն համար միշտ հպարտ էր: Մասնագիտական հմտութիւնները ի գործ դնելով՝ անոնց կը ներարկէր ազգային ոգի, հայրենասիրութիւն, բծախնդիր հայերէնախօսութիւն, արուեստի սէր եւ սորվելու ձգտում:
Լիզային եւ Մարտիկին ամէնէն կարեւոր պարտականութիւններէն մէկը Վանին ամուսնութիւնն էր: Գերերջանիկ էին, որ Վանը գտած էր իր Գարունը եւ անոնց կեանքը սկսած էր ծաղկիլ: Պսակի խրախճանքին բոլոր մանրամասնութիւնները մեծ հաճոյքով դասաւորեց Լիզան: Իրենց տունը դարձաւ փոքր դրախտավայր մը: Իւրայատուկ հարսանեկան խրախճանքով եւ երջանկութեան մշտական մաղթանքներով՝ անոնք իրենց զաւակները օրհնեցին, տաքուկ հայ օճախ մը կազմելու համար:
Կամաւոր աշխատանքի հաւատքով մղուած էր ան զանազան ձեռնարկութիւններու, որոնք հոգեկան գոհունակութիւն կը պարգեւէին իրեն:
Ազգային առաջնորդարանի նախակրթարանի հայերէնի դասագիրքերու պատրաստութեան խմբագրական կազմին մաս կազմած էր Լիզա: Մանկավարժութեան մասնագիտութիւնը ամբողջութեամբ կը համապատասխանէր իր նկարագիրին: Ան կ՛ուզէր, որ հայ աշակերտը ունենայ լաւագոյն դասագիրքը, որպէսզի սիրէր իր մայրենին ու պահէր իր հետ ամբողջ կեանքին ընթացքին: Այդ իսկ պատճառով, նախակրթարանի հայերէնի դասագիրքերուն պատրաստութեան գործին կամաւորապէս նետուեցաւ: Մեծ գոհունակութիւն կը ստանար հայ ուսուցիչը, արդիական մանկավարժական մեթոտներու յարիր «Մեր Լեզուն» դասագիրքերու շարքի պատրաստութեամբ: Այդ դասագիրքերը մինչեւ այսօր կ՛օգտագործուին Միացեալ Նահանգներու հայկական եւ ազգային վարժարաններու մէջ:
1980ական թուականներուն, ամէն շաբաթ, կամաւորապէս կը վարէր «Սփիւռքի Ձայն» ռատիօժամի ծրագիրը՝ իբրեւ հաղորդավար, մաքրամաքուր հայերէն լսելու եւ լսելի դարձնելու համար, ամերիկահայ սերունդին եւ անոնց մէջ վառ պահելու ազգային ոգին:
2000էն սկսեալ, կարճ ընդհատումներով, Լիզան ծառայած է Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինի կազմին մէջ: 2015էն սկսեալ, ան կը վարէր ատենապետի պաշտօնը՝ բծախնդրութեամբ, իմաստութեամբ եւ արդարամտութեամբ: Ան իր առօրեային մեծ մասը տրամադրած էր ազգային վարժարաններու բարելաւման ու յառաջդիմութեան ապահովման: Ամէն ջանք կը թափէր ազգային վարժարաններուն մէջ հայերէն առարկաներու դասաւանդման մեթոտները նորարարութեամբ զինելու: Միշտ կը փորձէր իր առաւելագոյնը եւ լաւագոյնը տալ շրջապատին, առանց պահ մը անգամ տատամսելու:
Ան կը հաւատար լուր եւ համեստ հաւաքական գործին եւ անոր համար իր շուրջը կը հաւաքէր ատակ եւ ուժեղ անհատականութիւններ, միշտ քաջալերելով ա-նոնց կարողութիւնները, առանց պահ մը անգամ վարանելու կամ իր ինքնավստահութիւնը կորսնցնելու: Դժուար գործ գոյութիւն չունէր իրեն համար: Գանգատը եւ դժկամութիւնը չէր սիրեր, ինչպէս՝ սուտն ու կեղծիքը: «Կենդանի գործ առանց խօսքի» նշանաբանով կը յառաջանար: Արդարութեան համար կը պայքարէր, տառապողին հետ կը ցաւէր, կարօտեալին ձեռք կը մեկնէր եւ բոլորին յաջողութիւններով կը հրճուէր:
Իսկական Մարդ, որուն արժէքն ու իմաստը հասկցած են բոլոր անոնք, որոնք բախտը ունեցած են անոր հետ գործելու կամ ծանօթանալու:
Այս իսկ պատճառով ան միշտ պիտի յիշուի եւ մեծ կարօտով պիտի փնտռենք զինք՝ կին, մայր, մեծ մայր, քոյր, դաշնակցական ընկերուհի, դաստիարակ եւ արդարամիտ հայ ղեկավար:
Դամբանական՝ Արտասանուած Լիզա Կապուտեանի Յուղարկաւորութեան

Ստորեւ կու տանք Լիզա Կապուտեանի յուղարկաւորութեան արտասանուած՝ Հայ մշակութային հիմնարկութեան նախագահ Աւետիք Իզմիրլեանի դամբանական խօսքը.
Հայ ազգը դարերով գոյատեւած է իր հերոսներու արձանագրած նուաճումներով: Անոնք անպայմանօրէն զէն ի ձեռին զինուորներ չեն, որոնք իրենց թանկագին կեանքը զոհեցին պատերազմի դաշտին վրայ, այլ նաեւ՝ հերոսներ, որոնք տարբեր դաշտերու վրայ պայքար մղեցին՝ ամբողջ կեանք մը ի սպաս դնելով ազգի յառաջդիմութեան:
Այսպիսի զինուորներ կան գիտական, բժշկական, դիւանագիտական, մշակութային, գրականութեան, դաստիարակչական եւ այլ բնագաւառներու մէջ:
Անկասկած Լիզան անոնցմէ մէկն էր՝ երկարամեայ նուիրեալ զինուոր մը՝ իբրեւ դաստիարակ, տնօրէն, տեսուչ, հայեցի դաստիարակութեան իրաւ դրօշակիր մը:
Լիզան եղաւ մասնակից Հայ Դատի աշխատանքներուն եւ անդամ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան՝ 1969էն ի վեր: Ան եղաւ նուիրեալ շարքային, կուսակցութեան գաղափարախօսութեան վրայ հիմնելով ազգային իր բոլոր իրագործումները:
Երկար տարիներ ան եղաւ ատենապետուհին Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինին, որուն միջոցաւ ան ամէն ճիգ թափեց զարգացնելու վարժարաններու հայերէնի դասաւանդման ծրագիրը, զուգահեռաբար առաջնորդելով դպրոցներու կրթական մակարդակի բարձրացման անխափան աշխատանքը: Ան եղաւ բացառիկ օրինակ մը լայնախոհութեանբ եւ համերաշխութեամբ գործելու իր կերպարով:
Ան իր գործնական մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ ՀՄԸՄի մէջ, ըլլալով Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեանի հետ Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի սկաուտներու առաջին խմբապետուհին:
Բազմաթիւ են արժէքները, որոնք կը բնութագրեն մեր սիրելի Լիզան, որ այսօր մեզմէ կը բաժնուի ֆիզիքապէս, սակայն իբրեւ օրինակելի կին, մայր, մեծ մայր, քոյր, եւ ընկերուհի՝ իրեն հանդէպ մեր ունեցած սէրը պիտի մնայ յաւիտեան:
Այդ արժէքներուն կարգին էր նաեւ մշտական արդարութեան հետապնդումը: Հոս կ՛ուզեմ ձեզի հետ բաժնել հետեւեալը. կազմակերպական պարտականութեամբ մը, երբ առաջին անգամ ընկերուհի Լիզային հետ կապուեցայ՝ եղաւ հեռաձայնով, եւ այդ խօսակցութենէն շատ լաւ հասկցայ, թէ այնքան ատեն որ իրմէ խնդրուածը արդար էր՝ ամէն ինչ կ՛ընէր զայն իրագործելու համար:
Յառաջիկայ տարիներուն ընթացքին անոր հետ գործակցելով, առաւել եւս ամրագրուեցաւ այդ փաստը:
Նոյնիսկ երբ անոր հետ համաձայն չենք եղած, եթէ ինք համոզուած էր որ իր տեսակէտը արդար էր, ուժեղ կերպով կը պաշտպանէր զայն, բայց միշտ գործակցելով փոխադարձ յարգանքով եւ ամենայն անկեղծութեամբ:
Ազգային վարժարաններուն իր ունեցած ներդրումը սկիզբ առաւ տարիներ առաջ, երբ ան ստանձնեց նախակրթարանի առաջին դասագիրքերու պատրաստութիւնը: Եւ որովհետեւ ան կը հաւատար հաւաքական աշխատանքին, խումբ մը ուսուցիչներ մասնակից դարձուց այդ ծրագիրին: Երբ Ազգային վարչութենեն գործին համար նիւթական վարձատրութիւն ստացաւ, զայն վերադարձուց՝ խնդրելով, որ անիկա բաժնուի իրեն օգնող ուսուցիչներուն, անգամ մը եւս փաստելով հաւաքականութեան եւ արդարութեան հանդէպ իր ունեցած հաւատարմութիւնը:
Այսօր հողին կը յանձնենք մեր սիրելի ընկերուհի Լիզան, որուն մահուան լուրը բոլորիս մօտ յառաջացուց մեծ ցաւ եւ զայրոյթ:
Մեր վերջին հրաժեշտը կու տանք ընկերուհիի մը, որ եղաւ ամբողջական զոհաբերում՝ իր ընտանիքին համար եւ տիպար դաշնակցական՝ իր ազգին ծառայելու նպատակին համար: Ընկերուհի մը, որ անհատականը զիջեցաւ հաւաքական շահին, զինուորի նման իր ծառայութիւնը կատարելով եւ դիմագրաւելով իր առջեւ դրուած մարտահրաւէրները, ըլլա՛յ ընտանեկան թէ՛ ազգային մակարդակներու վրայ:
Յանուն Արեւմտեան Ամերիկայի Դաշնակցութեան մարմիններուն եւ ընկերներուն՝ մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք ընկերուհի Լիզայի ամուսնոյն՝ մեր սիրելի եւ տարիներու հաւատարիմ գործակից ընկեր Մարտիկին, զաւակներուն՝ Վան, Գարուն, Հրակ եւ Լիզա, թոռներուն՝ Կարս, Վայք եւ Արթօ, Քրոջ‘ Արփիին, եղբօր՝ Րաֆիին, ընտանեկան բոլոր պարագաներուն, ընկերներուն եւ բարեկամներուն:
Սիրելի Լիզա, ննջէ հանգիստ, ննջէ յաւերժօրէն դաշնակցական գործդ լրիւ կատարած ըլլալով, եւ վստահ եղիր, որ զաւակներդ, թոռներդ, բոլոր գործակիցներդ պիտի շարունակեն այն երթը զոր դուն գծած ես, եւ մեր վարժարանները յաճախող հայ սերունդները պիտի դաստիարակուին այն ուղիով, որուն դուն հաւատացիր:
She Believed Helping Others Succeed Would Be Her Success
Lisa Gaboudian, who passed away on June 6, was laid to rest on June 14 at Forest Lawn Memorial Park in Hollywood Hills. Her biography was read during the funeral service by her daughter-in-law Lysa Gaboudian on that day.

On March 14, 1951, Jemil Sarkissian and Madlene Shiroyan were blessed with the birth of their first child, Lisa. Soon after, Lisa was joined by her sister Arpi and her brother Raffi. Lisa attended Syrian Armenian Elementary school in Aleppo until the age of 10, where she began her lifelong quest of nourishing her heritage, culture and family.
In 1961, the Sarkissian family relocated to Beirut Lebanon. In 1968 the Sarkissian family made the big decision to move to the Unites States to establish a better future for their children.
In Los Angeles, Lisa continued her high school education at Hollywood High School. After graduating she attended Los Angeles Community College and transferred to UCLA to finish her Bachelor’s degree in elementary education. Her passion for education led her to a graduate program at Cal State University of Northridge, where she earned her Master’s degree.
Lisa’s passion for education continued beyond her various institutional achievements, as she selflessly devoted herself to the local Armenian community. In 1968, she and her lifelong friend Satig Der-Ohanessian helped start a local community scouting program, the Los Angeles Chapter of Homenetmen Scouts, where they were one of the first female scouting leaders from 1968-1973.
In 1969, Lisa gave her ARF oath and vowed to stay committed to the Armenian cause. The Armenian culture and homeland were of utmost importance to Lisa, and she was always ready to sacrifice for the community, bearing the responsibility of educating and nurturing many generations of young Armenians, her own children, and eventually her grandchildren.
In 1974 Lisa married her best friend and life partner Mardig Gaboudian. They were blessed with two boys, Vaughn and Hrag. Throughout their 47 years of marriage, the love and respect they showed each other remained unchanged.
Lisa and Mardig raised their two sons with pride and dedication to nationality, tradition and family values, instilling in them the same principals they themselves were raised with. Lisa’s love for community was evident in her love for family, always cooking delicious meals and bringing her family, extended family, and friends together around a large dinner table to talk, laugh, eat, and enjoy each other’s company.
Lisa would often describe herself as a life-long educator. In 1973 her love for education brought her to the steps of Rose and Alex Pilibos Armenian School. In 1978 Lisa continued her love for teaching at Holy Martyrs Ferrahian Armenian School until 1989. She would often talk about how fortunate she was to be awarded the opportunity to teach in Armenian schools but felt that she wanted to do more. Mr. Injejikian, the principal of Ferrahian, encouraged her and told her “The Armenian kids in the public school system need you more.” From 1989-1999 Lisa worked at Lassen Elementary where she taught Armenian Studies to children who did not have the ability to attend an Armenian school, thereby casting a wider net outside her immediate community and positively impacting the lives of countless students.
From 2001-2003 Lisa became the assistant principal at Chandler Elementary, and was promoted to principal from 2003-2007 at Stagg Street Elementary. In 2008 she became the Administrative Coordinator in Elementary Literacy and from 2008 to 2014 she became the LAUSD Director of Elementary School Services.
Lisa’s three grandkids were her life’s blessings. Garss, Vyke and Arto always brought a smile to her face. She devoted herself to her grandkids with the same fervor and dedication she had for her Armenian community, spending as much time with them as possible, always talking about the importance of speaking Armenian, doing well in school and staying active in the Armenian community. She loved car rides with her grandkids, pushing up the volume on the Armenian music and looking at the rear-view mirror to see the kids sing and dance in the backseat. She was and always will be an exemplary role model for her grandkids and they will miss her dearly.
In 2020, Lisa and Mardig were honored to host their son Vaughn and Caroon’s wedding. They were overjoyed that Vaughn had found his life partner and their life together was just starting to blossom.
Lisa was a firm believer in volunteerism. She never looked for recognition, only self-gratitude knowing her activism was making a difference. Due to her expertise in education and Armenian language, Lisa led a small team of volunteers who published an elementary Armenian textbook for the Western Prelacy Armenian Schools titled “Our Language” (Mer Lezoon.) She wanted every student to have the best reading material to cherish for the rest of their lives. The same textbook is still being used today by our Prelacy Armenian Schools.
In the 1980’s every Saturday she would volunteer to host a public radio show called “The Voice of the Diaspora” where they would talk about culture, heritage and the commitment to the Armenian cause.
In the early 2000s Lisa began her work with the Board of Regents of Prelacy Armenian Schools. In 2015 she was appointed chairwomen where she held herself to a higher standard, maintaining professionalism, working closely with fellow volunteers who shared the same passion as her for education. Lisa had dedicated a large part of her life to the betterment of our schools, and spent her time and effort thinking of better ways to help the schools excel in every subject.
She believed that helping others succeed would be her biggest success. She was unpretentious, never once looking for recognition. She knew her capabilities and used her vast knowledge and experience to help all those around her grow. She did not like to complain. Impossible work did not exist. She would always work hard and remained truthful and honest. She would often say, “If you are determined to learn, no one can stop you.”
Anyone who had the privilege of meeting or working with her knew how truly blessed we were to have her in our lives. Lisa Gaboudian will always be remembered as a loving wife, mother, grandmother, sister, revolutionary, educator and honorable Armenian leader.
Լիզա Կապուտեանի Յուղարկաւորութեան Արտասանուած Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի Խօսքը
Ստորեւ՝ Լիզա Կապուտեանի յուղարկաւորութեան Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինին կողմէ Թամար Թիւֆէնկճեանի արտասանած խօսքը.

Յարգարժա՛ն հարազատներ եւ սգակիրներ,
Խնամակալ մարմինին անունով մեր խոր վիշտը կը յայտնենք բոլորիդ, մեր կազմի ժրաջան եւ անզուգական ատենապետ՝ տիկին Լիզա Կապուտեանի վաղահաս մահուան առթիւ:
Երկարամեայ բեղուն գործունէութեան մը անախորժ ընդհատումն էր տիկին Կապուտեանի մահը, զոր բոլորս դառնօրէն կը զգանք, կ՛ապրինք եւ կը ցաւինք, ճակատագիրի անխուսափելի իրականութեան առջեւ:
Վաստակաշատ ուսուցիչ, Լոս Անճելըսի հանրային վարժարաններու երկարամեայ տնօրէն, տեսուչ, ազգային-հասարակական գործիչ, կուսակցական գործունեայ անդամ եւ միաժամանակ՝ նուիրեալ, հոգատար եւ սիրող կին, մայր եւ մեծ մայր մըն էր Լիզան: Ան մեծ հպարտութեամբ կը ներկայացնէր ինքզինք առաջին հերթին՝ իբրեւ «Մշտական դաստիարակ» (Lifelong educator) եւ արդարօրէն կոչուած էր այդ առաքելութեան, բայց ինծի համար ան ամէնէն աւելի հաւատարիմ ընկերուհի եւ իմաստուն խորհրդատու մըն էր, որուն հետ վերջին քանի մը տարիներուն մօտէն աշխատած էի ու ճանչցած անոր ազնիւ, համեստ ու նուիրեալ հայուհիի ազնուական տեսակը:
Լիզան երկար տարիներ ծառայած էր մեր ազգային կեանքին ու կազմակերպական աշխատանքներուն անշահախնդրօրէն: Ան ամէնէն շատ կը հաւատար Ազգային վարժարանին, այդ պատճառաւ ալ առաւել քան 20 տարիներ, ընդհատումներով, ծառայեց Խնամակալ մարմինի կազմին մէջ:
Վերջին հինգ տարիներուն, երբ արդէն հանգստեան կոչուած էր Լոս Անճելըսի Հանրային վարժարաններու ղեկավարի իր պաշտօնէն, ան ամբողջութեամբ նուիրուեցաւ ազգային վարժարաններուն եւ լիաժամ պարտաճանաչութեամբ՝ իբրեւ ատենապետ իր ուժը, ջանքը, կորովը, իմաստութիւնն ու փորձառութիւնը ամբողջութեամբ տրամադրեց հայ դպրոցին ու հայ աշակերտին:
Դաստիարակի կոչումը արդարօրէն շնորհուած էր անոր բնութեան կողմէ. ան պատրաստ էր նուիրուելու յանուն իր աշակերտներուն եւ շրջապատին: Իսկ ազգային ոգին զինք կը մղէր միշտ լաւագոյնը տրամադրելու ազգային վարժարանին եւ հայ աշակերտին: Ազգային դպրոցները իրենց մտահոգութիւններով ու դժուարութիւններով դարձած էին անոր առօրեան եւ գիշերուան քունը փախցնելու պատճառը: Ան ամէն րոպէ կը մտածէր եւ ամէն ճիգ կը թափէր ծաղկեցնելու ազգային վարժարանները ու յառաջդիմութեան եւ նորարարութեան տուեալներով զինելու զանոնք: Սակայն իր հոգատարութեան եւ ուշադրութեան կիզակէտը միշտ մնացին հայերէն առարկաները՝ հայ լեզուն եւ գրականութիւնը, հայոց պատմութիւնը եւ մանաւանդ Հայ Դատը: Լիզան Խնամակալ մարմինի ատենապետութեան պաշտօնը ստանձնած առաջին օրէն աշխատեցաւ զարգացնել ազգային վարժարաններուն մէջ հայերէն առարկաներու դասաւանդման ծրագիրը: Ամէնէն կարեւորը սակայն այն է, որ իր ծրագիրները չմնացին միայն թուղթի վրայ կամ խօսքի սահմաններուն մէջ: Լիզան էական ու գործնական քայլերով ցոյց տուաւ իր աշխատանքը եւ անով իսկ արժանացաւ բոլորի յարգանքին եւ սիրոյն: Ան կը հաւատար նուիրական գործին ու բացարձակապէս չէր ուզեր միայն գեղեցիկ խօսքով տպաւորել ,այլ կը հաւատար լուռ գործին: Համեստ անհատականութիւն մըն էր եւ օրինակելի ու գնահատելի՝ իր այդ էութեան իսկ շնորհիւ:
Իբրեւ ազգային միութենական շրջանակին մէջ թրծուած հայ անհատ՝ Լիզան խորապէս կը հաւատար հայրենախօսութեան: Կը հաւատար, որ հայ մարդը եւ մանաւանդ նոր սերունդը պէտք է արտայայտուին հայերէնով: Յաճախ կը յայտարարէր, որ ազգային վարժարանի գոյութենական առաքելութիւնն է հայրերէնախօսութիւնը եւ այդ իմաստով ոսկեղնիկը ծաղկեցնելու գործնական աշխատանքներուն լծուեցաւ: Ան հաւատացած էր նաեւ հայ ուսուցիչներ պատրաստելու նուիրական պարտականութեան:
Հայերէնի դասաւանդումը նորարարական միջոցներով կատարելու համար, նախաձեռնեց երկրորդականի հայ գրականութեան առցանց դասագիրքի պատրաստութեան: Աշխատանքը վստահեցաւ մեր վարժարաններու հայ դասատուներուն: Հաւաքեց ու քաջալերեց ազգային երկրորդական վարժարաններէն հայ ուսուցիչներու խմբակ մը: Իր սեփական տան մէջ հիւրընկալեց հայ ուսուցիչները, հանգիստ մթնոլորտ ու վստահութիւն ներշնչելով անոնց: Ուսուցիչները աշխուժութեամբ աշխատանքի լծուեցան, հայ լեզուն ու գրականութիւնը պանծացնելու համար եւ իրականացաւ առցանց դասագիրքի պատրաստութիւնը, որուն բարիքները կը վայելեն ոչ միայն մեր վարժարաններու աշակերտները, այլ ամէն անհատ, որ կ՛այցելէ Ազգային վարժարաններու կայքը:
Իր արդարամտութեան եւ գնահատանքի բարձր գիտակցութեան շնորհիւ, մեր ազգային վարժարաններու հայ ուսուցիչները, առաջին անգամ ըլլալով, զգացին իրենց թեւ-թիկունք կանգնող արդարամիտ ու սրտցաւ ղեկավար մը: Անոնք նոր թափով սկսան աշխատիլ Լիզայի անշահախնդիր ու արդարամիտ մօտեցումին ու զօրակցութեան շնորհիւ: Հայ ուսուցիչը իր ծանր առաքելութիւնը շարունակելու եւ ազգային վարժարանին ծառայելու նոր խանդավառութեան աւիշով համակուած էր եւ ամէն ճիգ կը փորձէր ի գործ դնել յանուն իր հաւատացած սուրբ գործին:
Արդարութեան լուսաւոր մարտիկ մըն էր Լիզան եւ անխոնջ պայքարող՝ յանուն ճշմարտութեան ու ճշմարիտին: Պէտք է արդար ըլլար ամէն արարք, որուն հետ առնչութիւն էր ան: Բծախնդիր եւ նախանձախնդիր առաջնորդ եւ ղեկավար էր ան, որ կը հաւատար անդամներուն եւ ընկերներուն: Ըմբռնումով մտիկ կ՛ընէր իր ղեկավարած շրջապատին ու անոնց մտահոգութիւններուն: Իսկական առաջնորդի մը հասուն գիտակցութեամբ կը ղեկավարէր, փափկանկատութեամբ կը սրբագրէր ու յարատեւօրէն կը քաջալերէր բոլորը: Հաւաքական ուժին հաւատացող, համեստ ու խոնարհ հերոս մըն էր ան, որուն արժանիքները կրնան վկայել բոլոր անոնք, որոնք բախտը եւ պատիւը ունեցած են անոր հետ գործելու: Իսկ իբրեւ գաղափարական եւ մասնագիտական մարզի ընկերուհի՝ մշտական զրուցակից էր ան, զոր շատ պիտի փնտռեմ եւ մանաւանդ՝ մեր առօրեայ երկարատեւ զրոյցները եւ աշխատանքները, որոնք բոլորն ալ կը միտէին ազգային կեանքի բարօրութեան, կրթական մարզի զարգացման եւ կուսակցական արժէքներու բիւրեղացման:
Վերջին շրջանի ազգային եւ հայրենական իրավիճակը ինչպէս բոլորիս, այնպէս ալ Լիզային համար մեծ վիշտ էր: Մեր զրոյցներու առանցքն էին՝ ազգը, հայրենիքը, ազգային դպրոցը, հայ սերունդը եւ գաղութը: Մէկ խօսքով՝ իսկական հայ մարդ մը կորսնցուց մեր ազգը եւ շրջապատը:
Ցաւակցութիւն կը յայտնենք բոլորիդ եւ կը վստահեցնենք, որ ընկերուհի Լիզային ժառանգութիւնը եւ աւանդը պիտի պահպանենք յարատեւ՝ արդարօրէն գործելով, հայ ազգային վարժարանը կանգուն պահելով, հայ դաստիարակին սատար հանդիսանալով եւ հայ աշակերտը նորանոր թռիչքներու հասցնելով:
Լիզա Կապուտեան Նուիրեալի Յիշատակին
ՄՀԵՐ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
Սփիւռքն առօրեայ մեր կեանքում յաճախ է լսելի դառնում: Աւելի յաճախ խօսում ենք Սփիւռքի հաւաքական պատկեր ունեցող կազմակերպութիւնների, որոշ դէպքերում‘ առանձին խոշոր բարերարների մասին: Արդեօ՞ք դա է Սփիւռքի կամ սփիւռքահայի կերպարի ընդհանրացումը: Կարծում եմ, որ ո՛չ: Բաւական է պրպտել եւ սկսում ես Սփիւռքը ճանաչել իր նուիրեալների միջոցով:
Երեք տարի առաջ իմ կեանքում անսպասելի կերպով յայտնուեց Լիզա Կապուտեանը: Կարճ ժամանակ անց պարզուեց, որ նա այն հայի տեսակն է, ով ոչ միայն ապրում էր իր ընտանիքի հոգսերով, այլ իւրօրինակ մղումով լծուել էր համայնքային կեանքի եւ հայրենիքի իր չափաբաժին խնդիրների յաղթահարման գործին: Մեր առաջին զրոյցը տեղի ունեցաւ հեռավար կապի միջոցով եւ երկուստեք դրական մեծ տպաւորութիւններ թողեց: Ես ուրախ էի եւ հաճելիօրէն զարմացած, քանի որ խօսում էի Սփիւռքի ազգային կրթական հաստատութիւնների այնպիսի ղեկավար ներկայացուցչի հետ, ով ոչ միայն ազգային մտածողութիւն ունէր, այլ նաեւ կրթութեան ոլորտի մասնագէտ էր: Մասնագէտ բառի ուղիղ իմաստով: Հաւատացէք‘ ոչ յաճախ հանդիպող երեւոյթ:
Յետոյ, երբ արդէն մտերմացանք, պէտք է պարզէի, որ սիրելի Լիզան կրթութեան ոլորտի բոլոր աստիճանակարգերով անցած անձ էր: Մէկը, ով համեստօրէն լռում էր իր կենսագրութեան էջերի մասին: Երկար եմ համոզել նրան, որ փոքրիկ կենսագրական տուեալներ տրամադրի Հայաստանի եւ հայութեան մասին պատմող համացանցային մի մեծ հանրագիտարանում տեղադրելու համար (https://bit.ly/3kbKTEv): Նրա մարդկային համեստութիւնը զուգահեռւում էր մասնագիտական բարոյականութեան բարձր յատկանիշով. կարողանալ մարդուն լսել եւ ընկալել: Ունակութիւն, որն ամէնքին չէ տրուած: Աւելին, լսածն ու ընկալածը ձգտում էր առաւելագոյնս գործի վերածել: Այս հարցում Լիզա Կապուտեանը առաւել հաստատակամ էր, եթէ հարցն առնչւում էր հայապահպանութեանը: Օրը մի քանի անգամ Լոս Անջելես-Երեւան տեսազանգերն ու յաճախ ժամեր տեւող քննարկումները յանգեցրին տեղի ազգային վարժարանների համար Հայոց պատմութիւն առարկայի նոր դասագրքերի պատրաստման գործին: Ամէն անգամ արձանագրում էի նրա համբերատար ու հեռատես բնաւորութեան գծերը, մասնագիտական նորամուծութիւնները խրախուսելու պատրաստակամութիւնը, աշխատանքային միջավայրում փոխադարձ յարգանքի եւ վստահութեան մթնոլորտ ձեւաւորելու կարողութիւնը: Արդիւնքում՝ սկսեցինք մի մեծ ճանապարհ անցնել, ինչը շարունակւում էր հեռավար կապի պայմաններում: Պատկերացրէք՝ որքան ուրախ էինք, որ վերջապէս երկու տարի անց հայրենիքում կարողացանք հանդիպել միմեանց, սակայն միւս կողմից այնպիսի տպաւորութիւն էր, կարծես‘ մենք վաղուց արդէն ծանօթ էինք:
Վստահ եմ, շատերս նման բան զգացել ենք, եթէ մեր կեանքում հանդիպել ենք հոգեհարազատ եւ սրտացաւ անձի: Այդ իսկ պատճառով այս տողերը շարադրելիս մի քիչ դժուարանում եմ անցեալ ժամանակով գրել, չեմ հաշտւում Լիզայի ֆիզիկական բացակայութեան հետ: Միւս կողմից նրա լուսաւոր ժպիտը սկսում է ոգեւորել եւ պարտաւորեցնել ինձ: Նրան յաճախ ասում էի, որ ինձ կամաւորութիւն եւ հասարակական աշխատանք անելու վարակիչ յատկութիւններ է պարգեւել: Ժպտում էր: Լիզա՛, այսօր, այս օրերին յիշելով քեզ՝ ցանկանում եմ քո հայ մարդու համեստ եւ ազգային հարցերում իր անձը չկարեւորող սկզբունքդ խախտեմ ու բարձրաձայնեմ: Դու՝ իմ հարազատ Լիզա, սփիւռքահայ մարդու լաւագոյն որակներն ընդհանրացնող անձ ես, ում պէտք է շատերը ճանաչեն եւ հաւասարուեն: Այն առաքելութիւնը, որ տանում էիր, վստահ շարունակուելու է նաեւ իմ կողմից: Մենք քեզ սիրում եւ կարօտում ենք:
Քո հարազատ՝
Մհեր Յովհաննիսեան
ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Լիզա Կապուտեանի մահուան տխուր առիթով, փոխան ծաղկեպսակի Ազգային առաջնորդարանին մօտ նոր հաստատուած «Հայերէն Ուսուցիչներու Պատրաստութեան Հայագիտական Ծրագիրին» կատարուած են հետեւեալ նուիրատուութիւնները, որոնց համար Ազգային առաջնորդարանը եւ Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ մարմինը շնորհակալութիւն կը յայտնեն.
Mardig Gaboudian 4,000
Vaughn & Caroon Gaboudian 2,000
Hrag & Lysa Gaboudian-Common Ground Construction 2,000
Daylight Adult Day Health Care 2,000
Raffi & Maral Sarkissian 1,000
Ashod & Arpi Andonian 1,000
Shant & Maro Gourdikian 1,000
Meher Der Ohanessian 1,000
Anonymous 1,000
Seta Chorbajian 1,000
Aram & Laura Gaboudian 1,000
Avo & Sylva Oughourlian 1,000
David & Arpi Gharakhanian & Family 500
Kevork & Houry Aposhian 500
Arto H. Keuleyan 500
Verge & Nvair Gaboudian 500
Harry & Arda Tashdjian 500
Viken & Nora Hovsepian 500
Koko Topalian 500
Aleen Andonian 500
Fadi & Anie Kerio 500
John & Lori Geuvjehizian 400
Teolinda Kalaydjian & Family 300
M & L Oughourlian – Irrevocable Trust 300
Abraham & Nora Tashdjian 300
Sarkis Ourfalian 300
Shoghig Dikijian 300
Avedik and Ankine Izmirlian 300
Allen T & Carmen Fuchs 300
Hovsep & Elizabeth Boyajian 250
Shahan & Tamar Stepanian 250
Lucine Melikian 250
Harry & Nancy Bederian 200
Vatche & Marlene Aposhian 200
Ara & Rosemary Kasparian 200
Shooshig Arslanian 200
Simon & Sosse Seropian 200
Hagop & Rita Arabian 200
Vasken & Silva Mardoian 200
Albert & Sandra Tomassian 200
Dr. Hasmig Baran 200
Massis & Danielle Alexandarian 200
Hratch & Seta Simonian 200
Vahe & Silva Tashdjian 200
Sarkis & Seta Kargodorian Builder’s Team 200
Dzovig Zetlian 200
Hagop Injeyan 200
Ayk Dikijian 200
Avedis & Suzan Donoyan 200
Vahe & Lori Aposhian 200
Classic Designs Jewelry 200
Vergine Jarakian 150
Ardashes Gourdikian 150
Pattyl Kasparian 150
Serj & Anahid Boulanikian 150
Armen Karlubian – Karl Ins. Services 100
Vahe & Hasmig Hovaguimian 100
Vatche & Susan Donoyan 100
Anna Mamigonian 100
Garo & Salpi Agopian 100
Raffi & Annie Kechichian 100
Gary & Shakeh Avakian 100
Roger & Zvart Guedikian 100
Nerses Melkonian 100
Varant & Alice Vartabedian 100
Seta H. Raphaelian 100
Tamar Kurkjian 100
Leo & Paola Kassabian 100
Shant & Tamar Baboujian 100
Adrine Khanzadian & Araxie Wright 100
Ara & Arpi Khanjian 100
Yervant & Cynthia Arslanian 100
Kirakosian & Associates 100
Ani Berberian 100
Raffi & Hilda Santikian 100
John & Marina Kossakian 100
Hemine Aposhian 100
Gassia Armenian 100
Carnig & Shake Sarkissian 100
Alice Boyadjian 100
Jack & Sossi Pomakian 100
Maggie Sarkuni 100
Norair & Anoosh Avakian 100
Tamar Tufenkdjian 100
Steven Munoz 100
Garbis & Lorig Titizian 100
Mitchel & Patricia Newman 100
John Titizian 100
Knar Kortoshian 100
Sahag & Kathleen Baghdassarian 100
Azadouhi Ghazarian 100
Derek Ramage 50
Vicken & Hourig Sosikian 50
Stephen & Madeline Coopersmith 50
Pamela J Sasada 25
Anonymous 20
Partial