
Վերջերս հրապարակուած յայտարարութիւն մը եւ անոր հետեւող գրառումներ՝ տեղադրուած ընկերային ցանցերու վրայ, կը տարածեն ապատեղեկատուութիւն մը՝ յայտնելով, թէ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ընթացիկ շաբաթավերջին գումարած է Շրջանային ժողով մը՝ քննելու համար այս շրջանը յուզող հարցերը եւ ընտրելու ղեկավար մարմին մը: Այս մէկը, անշուշտ, կեղծ ու անօրինական շրջանային ժողով մըն է, որ կը գումարուի որոշ անհատներու կողմէ, որոնք իբրեւ թէ ՀՅ Դաշնակցութեան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանը կը ներկայացնեն:
Այս շաբաթավերջին, իրենց անձնական եւ անօրէն «շրջանային ժողով»ը գումարած այս խմբակը ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի օրինաւոր եւ ժողովրդավարական ընթացակարգը խափանել ուզող ճիգերու անուղղակի արդիւնքով յառաջացաւ, երբ ՀՅԴ Բիւրօն անցեալ Դեկտեմբերին, կամայականօրէն որոշեց կասեցնել որոշուած Շրջանային ժողովի գումարումը, ապա նշանակեց նոր մարմին մը՝ զայն կոչելով «Կեդրոնական կոմիտէ»:
Ներքին շրջաբերականներու միջոցով եւ ընկերային ցանցերու վրայ, անցեալ Դեկտեմբերէն ի վեր, անօրինական այս մարմինը եւ անոր հետեւորդները ծրագրուած ձեւով՝ այստեղ եւ արտասահմանի մէջ, քարոզչական արշաւի ձեռնարկեցին, անցեալի եւ ներկայի կուսակցական ղեկավարներ զրպարտելու եւ վարկաբեկելու միջոցներով, մեր համայնքը տարհամոզելու համար: Անոնք կուսակցական ընկերներու, ինչպէս նաեւ համայնքային կազմակերպութիւններու ղեկավարներու վրայ բանեցուցին բռնութեան եւ վախի միջոցներ: Օրինակ՝ եղան բռնութեան դիմելու փորձեր՝ ստիպելով, որ կոմիտէութիւններ չկարենան շարունակել իրենց կազմակերպական աշխատանքը: Դիմեցին նաեւ այլ անընդունելի միջոցներու, որոնց մասին այս հանգրուանին չենք ուզեր խօսիլ:
Այս բոլորին վրայ պէտք է աւելցնել այս խմբակին փորձը՝ «մաքրագործելու» ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի շարքերը՝ հեռացնելով, արտաքսելով կամ կախակայելով առաւել քան հարիւր գործօն եւ վաստակ ունեցող ընկերներ: Այս քայլը նպատակ ունէր արգիլել անոնց մասնակցութիւնը կոմիտէութիւններու ընտրութիւններուն, որպէսզի կարելի ըլլայ ձեռք ձգել շրջաններու ղեկավարութիւնը: Ինչ խօսք, որ այս պատժական տնօրինումները կը մնան ձեւական եւ անիմաստ, որովհետեւ անօրինական այս մարմինը ոչ մէկ իրաւասութիւն ունի այստեղ:
Այսօր, նոյն այս անհատները իրենց, այսպէս կոչուած, շրջանային ժողովը կը փորձեն ներկայացնել՝ իբրեւ «ժողովրդավարութեան եւ թափանցիկութեան» ամրոց, անգամ մը եւս ապակողմնորոշելով մեր համայնքը, միաժամանակ պարտկելու համար իրենց անուղղայ միջոցները, որոնք ոչ միայն խորթ են մեր կուսակցութեան պատմութեան եւ աւանդութիւններուն, այլ յստակօրէն կը խախտեն մեր ժողովրդավարական սկզբունքները եւ ԱՄՆի օրէնքները: Այսպէս կոչուած շրջանային ժողովի աւարտով պարզուեցաւ նաեւ որ մասնակիցները ինչպիսի արհամարհական վերաբերմունք ունեցած են կուսակցութեան կանոնագրին հանդէպ, մերժելով ընկերուհիներու պատշաճ թիւով մասնակցութիւնը ղեկավար մարմիններու մէջ
Ցաւ կը զգանք, որ պարտադրաբար շեղած ենք մեր կազմակերպական աւանդութիւններէն՝ Դաշնակցութեան ներքին հարցերը բերելով հանրային բեմահարթակ: Սակայն, մեր համայնքի անդամներու մտաւոր եւ բանական ունակութիւնները ապատեղեկատուութեան հետեւողական միջոցներով արհամարհելու ճիգերուն ի տես՝ մենք, անգամ մը եւս, ստիպուած կը զգանք շեշտելու, որ անցեալ Դեկտեմբերին տեղի ունեցած 55րդ Շրջանային ժողովին, օրինաւոր կերպով ընտրուած Կեդրոնական կոմիտէն բնականոն ձեւով կը շարունակէ իր աշխատանքները՝ մեր ազգային ծրագիրներու եւ օրակարգերու իրականացման նպատակով:
Այս իրականութիւնը ժխտող որեւէ խօսք կամ յայտարարութիւն պարզապէս արտայայտութիւնն է խմբակի մը, որ ոչ մէկ իրաւասութիւն ունի խօսելու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանին անունով:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն իր նախաձեռնութիւններուն եւ տարած աշխատանքներուն միջոցով, միշտ ալ ապացուցած է, որ կը շարունակէ իր առաջնորդող առաքելութիւնը մեր գաղութի, Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացման ի խնդիր, համախմբելով մեր համայնքը այս նշանաբանին տակ, որպէսզի կարելի ըլլայ միասնական ուժերով յաղթահարել մեր ազգին առջեւ ցցուած մարտահրաւէրները:
For the last 24 years Armenia’s ARF Bureau has been a part of corrupt and criminal regime of Robert Kocharyan and Serj Sarkisyan. Armenia’s ARF Bureau the prestigious and honorable name of ARF did equate to the dirt on the ground. What happened to the beautiful song “Aryounod Trosh Veh Tashnagtzutyan Tzazane @ntem prnagalutyan” , they were sleeping in the same bed with Robert Kocharyan’s and Serj Sarkisyan’s prnagalutyun.