ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Արցախի Մարտակերտ շրջանին մէջ կը շարունակուին պատերազմի գործողութիւններուն իբրեւ առդիւնք վնասուած շէնք-շինութիւններու վերականգնողական, վերակառուցման եւ տանիքներու վերականգնման աշխատանքները:
Մարտակերտի շրջանին մէջ, 44օրեայ պատերազմին ընթացքին արձանագրուած են վնասուած 500 շինութիւններ, որոնցմէ 189ին շինութիւնը ընթացքի մէջ է, իսկ 89ին մէջ արդէն աշխատանքները աւարտած են։
Շինարարական աշխատանքներ կը կատարեն ընդհանուր առմամբ 30 կազմակերպութիւններ, իսկ որակի հսկողութիւնը կը կատարեն Արցախի քաղաքաշինութեան նախարարութեան շինարարութեան վարչութեան մասնագէտները։