ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ռուսական RBK պատկերասփիւռի կայանը հրապարակեց լուսանկար մը, որուն մէջ յստակ կերպով կ՛երեւի, թէ ի՛նչ վիճակի մէջ է Նոյեմբերին դաւադրաբար թշնամիին յանձնուած հայոց բերդաքաղաք Շուշին:
Աւելի կանուխ արդէն պարզ դարձած էր, որ թշնամին ոչնչացուցած է Շուշիի Կանաչ ժամ եկեղեցին, իսկ հրթիռակոծուած Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ մէջ սկսած են եկեղեցւոյ արտաքինի եւ հայկական նկարագիրի փոփոխութեան աշխատանքները:
Ռուսական պատկերասփիւռի կայանի լուսանկարին մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպիսի աւերածութիւններ կը կատարուին ատրպէյճանցիներուն բռնագրաւած Շուշի քաղաքին մէջ. թշնամին գետնին հաւասարեցուցած է եւ կը շարունակէ հաւասարեցնել քաղաքի բազմաբնակարան տուները:
Բաշինեանը իրաւունք չունի՞ մը, երբոր ըսաւ որ Շուշին դժգույն քաղաք է: Շատ շիտակ գրեր էք որ Շուշին դաւադրաբար տրվեցաւ ազերիներուն: Հիմա ի՞նչ ըսենք ան ընտրողներուն, որ Բաշինեանին ընտրեցին, կամ ալ ան կաշարված հանձնախումբերուն եւ դատարանի մարդոցը, որ վավերացուցին կեղծված ընտրութիւններուն արդիւնքը: Երբոր մենք մեր ձեռքովը ասանկ բաներ կընենք, ինչ՞ու կըսպասենք, որ ազերիները Ղարապաղը եւ Հայաստանը պաշտպանեն: Թիւրքին եւ ազերիին կը մեղադրենք, Բաշինեանին նորէն կընտրենք: Ասկէ աւելի ամչնալիք բան կա՞յ: Խենթանալիք է: