Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի օրհնութեամբ՝ արդէն հրատարակուած եւ ընթերցանութեան համար հասանելի դարձած են Արեւմտեան թեմի 2021ին համար նախատեսուած 7 գրքերը, որոնց մասին անցեալին յայտնած էինք։ Յիշեալները կը ներառեն հոգեւոր, քարոզախօսական, եկեղեցական եւ պատմական զանազան նիւթեր ու աշխատութիւններ` հայերէնով եւ անգլերէնով:
Ստորեւ կը ներկայացնենք նոր հրատարակուած գրքերու ցանկը` հակիրճ նկարագրութեամբ.
1. Յովնան արք. Տէրտէրեան՝ «Փունջ Մը Քրոզներ, Հատոր ԺԶ.»։ Անիկա կը պարունակէ սրբազանին 2020ի ընթացքին գրի առնուած քարոզները եւ խորհրդածութիւնները: Անոնք կը վերաբերին հոգեւոր կեանքին, դէպի Աստուած մարդ անհատի ընթացքին, Մայր հայրենիքին, մարդկային տագնապներուն, սիրոյ, միասնականութեան, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ այլ թեմաներու։
2. Archbishop Hovnan Derderian – «Walking Out of the Upper Room (Volume II)». առաջնորդի «բլոգ»ներու ժողովածուն է՝ անգլերէնով, որ կազմուած է համաճարակի շաբաթներուն եւ ամիսներուն գրուած խորհրդածութիւններէ, վերլուծումներէ ու հակիրճ ձեւակերպումներէ:
3. Archbishop Hovnan Derderian – «Spiritual Reflections». առաջնորդին վերջին երկու տարիներուն ընթացքին զանազան ձեռնարկներու ընթացքին անգլերէնով արտասանած ելոյթներու ժողովածուն է։
4. Յովհան Ոսկեբերան՝ «Ապաշխարութեան Պտուղներ»։ Համաքրիստոնէական սուրբ հեղինակի քարոզներու ու ճառերու գրաբարէն աշխարհաբար թարգմանութիւններն են։ Անիկա առաջին հատորն է թեմի «Ոսկեղենիկ» մատենաշարի (նախաձեռնող՝ բանասիրական գիտ. թեկնածու Նորայր Պօղոսեան), եւ պահանջարկը նկատի ունենալով՝ յանձնուած է վերահրատարակութեան։
5. Կարապետ արք. Պալատեցի՝ «Տարեկան Քարոզգիրք»։ 4րդ հատորն է «Ոսկեղենիկ» մատենաշարի։ Թեմի առաջնորդարանին մէջ պահպանուող ձեռագիրի հիման վրայ գրաբարէն աշխարհաբարի փոխադրուած են (Նորայր Պօղոսեան, Գէորգ սրկ. Կարապետեան), Կ. Պոլսոյ պատրիարք (1823-31) Կարապետ արք. Պալատեցիի քարոզներէն ընտրուած հատուածներ։
6. Մաղաքիա արք. Օրմանեան՝ «Պատմութեան Դիտանկիւնէն»: Ժողովածուն նուիրուած է Օրմանեան պատրիարքի մահուան 100ամեակին. անիկա բաղկացած է չորս յօդուածներէ, որոնք կը ներկայացնէն անոր կեանքը եւ եկեղեցական բեղուն գործունեութիւնը: Ժողովածուի նիւթերը առնուած են 18 Փետրուար 2019ին, թեմին մէջ տեղի ունեցած «Հայ եկեղեցւոյ 20րդ դարու ականաւոր հոգեւորականները» գիտաժողովէն:
7. Archbishop Hovnan Derderian – «The Book Corner»։ Այս գեղեցիկ հատորեակին միջոցաւ Յովնան արք. Տէրտէրեան ընթերցողներուն կը փոխանցէ համաշխարհային ճանաչում ունեցող եկեղեցական մեծագոյն հեղինականերու եւ գործիչներու միտքերու վերլուծութիւններ, անոնց հետ կապ ունեցող յուշեր եւ մտորումներ, անգլերէնով:
Տպագրութեան ընթացքի մէջ են Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեանի «Վանական Հոգեկանութիւնը Քրիստոնէութեան Առաջին Դարերուն» աշխատութիւնը եւ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեանի» աշխարհաբար փոխադրութեան ընտրանին, ինչպէս նաեւ այլ աշխատութիւններ:
Վերոնշեալ այս եւ միւս բոլոր գրքերը կրնաք թուային տարբերակով գտնել Արեւմտեան թեմի կայքին վրայ:
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ