ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ամերիկայի Ձայն».- Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի դեսպանատունը հիւրընկալեց երկրի գործադիր եւ օրէնսդիր ճիւղերու ներկայացուցիչներ, դեսպաններ ու ամերիկահայ ներկայացուցիչներ՝ դեսպան Վարուժան Ներսիսեանի առաքելութեան աւարտին առիթով (ան նշանակուեցաւ Բրիտանոյ մօտ Հայաստանի դեսպանը)։
Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համանախագահ Ճեքի Սփիր յայտնեց, թէ դեսպան Ներսիսեանին բաժին հասած էր ծանր փորձութիւն մը, յատկապէս Արցախի պատերազմի օրերուն: Քոնկրեսականը Հայկական համախմբումի մէկ այլ համանախագահ՝ Ֆրենք Փալոնի հետ մասնակցեցաւ նշեալ ընդունելութեան:
Սփիր շեշտեց, թէ մեծ ջանքեր գործադրուած են ամերիկեան օժանդակութեան ապահովման ուղղութեամբ եւ յոյժ կարեւոր համարեց Ամերիկայի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու իրողութիւնը:
«Վերջապէ՛ս, աւելի քան մէկ դար անց, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը եւ նախագահը նպատակայարմար գտան ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որուն համար հայութիւնը մեծ ջանքեր թափած էր երկար ժամանակէ ի վեր», յայտարարեց Սփիր:
Ընդունելութեան հիւրերէն մէկն էր արտաքին գործոց նախարարի տեղակալի պաշտօնակատար Ճան Արմսթրոնկ, որ բարձր գնահատեց դեսպանին եւ Հայաստանի դիւանագիտական առաքելութեան գործունէութիւնը՝ առանձնայատուկ կերպով նշելով Ներսիսեանի մասնակցութիւնը նախագահ Պայտընին՝ Ցեղասպանութիւնը ճանչնալ տալու ջանքերուն մէջ: «Մենք պէտք է ընդունինք ճշմարտութիւնը նոյնիսկ այն ատեն, երբ անիկա ցաւալի է», շեշտեց դիւանագէտը՝ աւելցնելով. «Մեր երկու երկիրները համատեղ կ՛աշխատին եւ կրնան աշխատիլ՝ աշխարհի տարածքին ցեղասպանութիւնները կանխարգիլելու եւ մարդկային իրաւունքները խթանելու ասպարէզին մէջ»:
Իր կարգին, Ներսիսեան շեշտեց, թէ 1991ի անկախութեան վերածնունդէն ի վեր, Հայաստանի համար Ամերիկայի հետ յարաբերութիւնները եղան անոր արտաքին քաղաքականութեան գերակայութիւններէն մէկը։ «Հարիւր տարի առաջ, այստեղ՝ Վաշինգտոնում գործում էր Հայաստանի դեսպանութիւնը: Արմէն Գարօն, ում կիսանդրին դուք տեսաք այս շէնք մտնելիս, Միացեալ Նահանգներում Հայաստանի առաջին դեսպանն էր, ով նոյնպէս, ինչպէս ես, առերեսուել է պատերազմի եւ արտաքին յարձակումների իրականութեանը: Հարիւր տարուայ վաղեմութեան իրադարձութիւնները գրեթէ նոյնութեամբ կրկնուեցին 2020ին», նշեց դեսպան Ներսիսեան: