ՄՈՆԹՐԷԱԼ.- 22 Յուլիսին, Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի (ԳՀԴՅ) ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան, ԳՀԴՅի համանախագահներ Շահէն Միրաքեան եւ Հրակ Տարագճեան եւ ԳՀԴՅի Օթթաուայի գրասեանեակի գործավար Սեւակ Պելեան հեռակապով հանդիպում ունեցան Հայաստանի մօտ Գանատայի նորանշանակ դեսպանորդ Սթեֆան Տիոնի եւ Գանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան գերատեսչութեան ներկայացուցիչներուն հետ:
Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը ողջունեց Սթեֆան Տիոնի նշանակումը եւ զայն նկատեց՝ իբրեւ կարեւոր քայլ Հայաստանի մէջ Գանատայի հետագայ դիւանագիտական ներգրաւուածութեան ծիրին մէջ` նշելով Երեւանի դիմագրաւած այժմեան խնդիրները եւ այն առանցքային դերը, զոր Գանատան պետք է ունենայ հայ ժողովուրդին օգնելու ներկայ մարտահրաւէրները յաղթահարելու գործընթացին մէջ:
Հակառակ այն իրողութեան, որ դեսպանորդ Տիոնի առաքելութիւնը հիմնականօրէն ուղղուած է Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման, ԳՀԴՅի պատուիրակութիւնը շեշտեց Հայաստանի ապահովութեան տարբեր մարտահրաւէրներու լուծման առաջնահերթութիւնը, յատկապէս Հայաստանի հանդէպ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի վարչակարգերուն թշնամական տրամադրութիւններու լոյսին տակ, որոնք այսօրուան դրութեամբ կը հանդիսանան ամէնէն մեծ խոչընդոտները երկրի ներքին կայունութեան եւ ամբողջական ժողովրդավարութեան հասնելու ճանապարհին: Ընդգծուեցաւ նաեւ, որ առանց Երեւանին օգնելու լուծել իր ազգային անվտանգութեան մարտահրաւէրները՝ գործնականօրէն անկարելի պիտի ըլլայ դրական փոփոխութիւններ իրականացնել Հայաստանի կառավարման գործընթացին ու կառավարման եղանակին մէջ:
Պատուիրակութիւնը ողջունեց Գանատայի յանձնառութիւնը ուղղուած Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական գործընթացի դրական զարգացման, յատկապէս նկատի ունենալով Հայաստանի իշխանութիւններուն ինքնակալական ձգտումներուն, քաղաքական ընդդիմութեան հետ վատառողջ յարաբերութիւններուն եւ վերջին ընտրարշաւին ընթացքին բացասական հռետորաբանութեան առկայութիւնը, նոյն ժամանակ, ԳՀԴՅի պատուիրակութիւնը շեշտեց անկախ եւ պաշտպանուած դատական համակարգ եւ քաղաքացիական ծառայութիւն ունենալու անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպման աւարտին, ԳՀԴՅի ներկայացուցիչները Տիոնին ներկայացուցին առաջարկներու նախնական ցանկ մը եւ պայմանաւորուեցան շարունակել կառուցողական համագործակցութիւնը: