ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչներուն ընկերակցութեամբ, 26 Յուլիսին այցելեց Գեղարքունիքի մարզը: Զօրամիաւորման հրամանատար, զօր. Արայիկ Յարութիւնեան դեսպանին ներկայացուց հայ-ատրպէյճանական սահմանին իրավիճակը, ապա անոնք այցելեցին Վերին Շորժայի հատուածի սահմանագիծը:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնեցին, որ դեսպան Թրէյսի վերահաստատեց Միացեալ Նահանգներու մտահոգութիւնը՝ հայ-ատրպէյճանական սահմանի երկայնքով միջադէպերուն վերաբերեալ եւ ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը մերժէ ուժի կիրարկումը սահմանազատում իրականացնելու պարագային:
Ըստ աղբիւրին՝ դեսպանը նաեւ շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգները, իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիր, խորապէս հաւատարիմ կը մնայ ղարաբաղեան հակամարտութեան երկարաժամկէտ քաղաքական լուծման հասնելու նպատակով, բոլոր կողմերուն հետ աշխատելու գործընթացին: Միաժամանակ, ըստ Լին Թրէյսիի, Միացեալ Նահանգները կողմերէն կը պահանջէ կարելի եղածին չափ արագ վերադառնալ Մինսքի խումբի համանախագահներու մակարդակով ընթացող բանակցութիւններուն: