415 0;} @font-face {font-family:Calibri; panose-1:2 15 5 2 2 2 4
Տէր եւ տիկին Սարօ եւ Այտա Քոթոյեաններ իրենց զաւակների՝ Քրիսի եւ Սարինի հետ, Ծաղկազարդ
Տարիների վաղեմութեան յուշ
Քրիսի եւ Սարինի պատրաստած բարձը` իրենց նկարներով, մեծ հայրիկի եւ մեծ մայրիկի համար
Երգիչ Խաչիկը, Հալէպ
Տէր եւ տիկին Խաչիկ եւ Քնարիկ Քոթոյեաններ
Տան գրադարանը հարազատների նկարներով՝ սազ նուագողը հայր Մկրտիչ Արարատեանն է

ԿԱՐԻՆԷ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
Ցանկութիւն էր առաջացել գնալ դէպի ակունքներ, տեսնել, թէ ինչպիսի՞ն էին եղել գաղափարախօսութեան նուիրեալները, ինչպիսի՞ ճանապարհներ էին անցել, որի համար էլ այցելել էինք տէր եւ տիկին Խաչիկ (99 տարեկան) եւ Քնարիկ (94 տարեկան) Քոթոյեանների բնակարանը։
Երբ հարցրինք տիկին Քնարիկին, թէ ամուսինը կուսակցակա՞ն է՝ նա ասաց. «Ան ալ ինչպէս, սասունցիները անշուշտ որ դաշնակցական կ՛ըլլան»։ Իսկ պրն. Խաչիկը յայտարարեց. «Մենք դաշնակցական չըլլանք, ո՞վ ըլլայ» ու սկսեց երգել.
«Դաշնակցական խումբ
Գնանք մենք Սասուն…
Համոզուած ենք որ միայն զէնքով կայ
Հայոց փրկութիւն»։
ՀՄԸՄական Խաչիկը ասում է. «Հակառակ մոլեռանդ ըլլալուս, քիչ մը պահպանողական էի, այդպէս ալ մնացի։ Կեանքիս ընթացքին Քնարիկին հանդիպեցայ, բարեւ ըսինք, ճամբանիս քալեցինք եւ դեռ կը քալենք»։
Քնարիկը յեղափոխական դաշնակցական Մկրտիչ Արարատեանի երրորդ դուստրն է եւ պատմութիւններ ունէր հօր մասին.
«Հայրս զարգացած մարդ էր։ Գրութիւններ ունէր դաշնակցական մամուլին մէջ «Մար» ստորագրութեամբ, նաեւ՝ արաբատառ օսմաներէնի մասնագէտ էր։ Ծնած էր Այնթապ, աւարտած էր տեղի Աթենական վարժարանը, ապա մեկնած էր Պոլիս շարունակելու ուսումը, սակայն նիւթական դժուարութիւններու պատճառաւ վերադարձած էր իր ծննդավայրը։ Այդ շրջանին, կուսակցութեան հիմնադիր Սիմոն Զաւարեան կը ղրկուի Կիլիկիա, այնտեղ դաշնակցական կեդրոններ հիմնելու նպատակով եւ կ՛ապաստանի համեստ ընտանիքի մը տունը, մեծ հօրս՝ Քել Խաչերին քով, որ Այնթապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղական էր, նաեւ իր օժանդակութիւնը ցոյց կու տար այս աշխատանքներուն։ Հոս կ՛ուզեմ յիշել մեծ հօրս հետ պատահած դէպք մը. դրացի թուրք խանութպանին կ՛ըսուի, թէ Քել Խաչերին պէտք է աղա ըսես։ Սակայն այնքան գէշ է թուրքը, որ կը պատասխանէ՝ «Պու տիւքքենը էօրթերըմ, Քել Խաչերէ աղա տեմեմ» (այս խանութը կը գոցեմ, Քել Խաչերին աղա չեմ ըսեր)։
«Ունինք նշանակալից պատմութիւն մը մեր մականուին վերաբերեալ։
Պաշտօնի բերումով Այնթապ կու գայ Կիլիկիոյ կաթողիկոս Մկրտիչ Քեֆսըզեան։ Եկեղեցւոյ մէջ անոր ներկայութեամբ խլրտում կը յառաջանայ աթենականներուն դէմ։ Քել Խաչեր կը զգայ, որ կաթողիկոսին վտանգ կը սպառնայ, մէջտեղ կու գայ եւ կ՛ըսէ. «Եթէ այդքան քաջ էք, գացէք Արարատեան դաշտ, կռիւ կայ, հոն կռուեցէք, այլ ոչ անզէն կաթողիկոսին վրայ ձեռք բարձրացուցէք»։ Խռովարարները կը հեռանան։ Քեֆսըզեան կը հարցնէ, թէ ո՞վ էր այդ կարճահասակ մարդը, որ այդպէս խօսեցաւ եւ ինծի պաշտպան կեցաւ։ Կը կանչեն մեծ հայրս։ Կաթողիկոսը կը հարցնէ, թէ ինչ է մականունը եւ քանի զաւակ ունի ան։ Հայրս կը պատասխանէ՝ Տարագճեան, եւ մէկ տղայ՝ Յովհաննէս։ Կը պատուիրէ, որ յաջորդ զաւակին անունը դնէ իր անունով՝ Մկրտիչ, իսկ անոնց մականունը տոմարին մէջ կը դարձնէ Արարատեան։ Ու կը ծնի հայրս՝ Մկրտիչ Արարատեան, 1888ին, Այնթապի մէջ։ Մեծնալով՝ ան կը դառնայ զինուորական։ 1915ին կը բռնուի անոր խումբը, սակայն 7 հոգի կը կարենան ազատիլ։ Գաղթականութեան օրերուն, շրջան մը Պոլիս մնալէ ետք կը հասնի Հալէպ։ Կուսակցութեան կողմէ Մկրտիչին պարտականութիւն տրուած էր կատարել որբահաւաքի աշխատանքներ։ Իր ընկերները Ամերիկայէն կը խնդրէին փնտռել իրենց կորսուած զաւակները։ Ան միշտ ականջալուր էր, թէ ուր կան որբուկներ այլազգիներու քով։ Իսլամներու տուներէն, տարբեր զոհողութիւններով կը հաւաքէր հայ մանուկներ։
«Հալէպի մէջ Մկրտիչը կ՛ամուսնանայ Մարիամ Շիրիքճեան օրիորդին հետ, եւ 1919էն սկսեալ կը ծնին զաւակները՝ Շաքէ, Ալիս, Քնարիկ (ես), Արփինէ։ Դեռեւս չկար սպասուող մանչը, եւ վերջապէս կը ծնի Մկրտիչին արու զաւակը՝ Մասիս Արարատեան (որ հետագային պիտի դառնար սփիւռքահայ անուանի ծաղրանկարիչը), ապա միւս եղբայրը՝ Խաչիկը։
Երբ ծնաւ Մասիսը, ոչ միայն հայրս, այլ նաեւ իր բոլոր կուսակցական ընկերները ուրախացան. անոնց պարծանքն էր՝ իբրեւ շնորհալի եւ ներկայանալի պատանի։ Մասիսը բոլորին գուրգուրանքի առարկան էր, մեծ ու պզտիկ Արարատեաններուն։ Անուշիկ եւ գեղադէմ տղան՝ հայրիկիս եւ հօրեղբորս աչքին լոյսը, մեզի երբեք նեղութիւն չէր տար։ Արդէն իր միտքը միշտ զբաղած կ՛ըլլար գծագրութեամբ, առօրեայով շատ չէր հետաքրքրուեր։ Ինծի համար մինչեւ օրս ան երիտասարդ մըն է՝ 92 տարեկան։
«Մեր մայրը կանուխ մահացաւ։ Մեծ քոյրերը առին ընտանիքին պարտաւորութիւնները։ Հալէպ եղած շրջանին կը բնակէինք տունի մը մէջ, ուր ունէինք ճերմակ պատերով մուտք, որ շէնքին կը պատկանէր։ Տանտէրը ամէն ամիս կը ներկէր պատերը՝ Մասիսին գծածները մաքրելու համար, կը բողոքէր, սակայն յաջորդ օրն իսկ Մասիսը դարձեալ կը գծէր։
«Մասիսը ունէր իր արուեստը գնահատող եւ քաջալերող ուսուցիչներ։ Անոր մատիտին առաջին «զոհն» էր Զաւարեան դպրոցի ուսուցիչ պրն. Գր. Իւլպէյեանը, երբ Մասիսը գծած էր վերջինիս դիմագիծը։ Ուսուցիչը տեսնելով այդ նկարը՝ կ՛ըսէ. «Շարունակէ, տղա՛ս, շարունակէ»։
«Անդրանիկ Ծառուկեան, որ նոյնպէս մեր ուսուցիչն էր Զաւարեան դպրոցին մէջ, Մասիսը առաւ իր թերթին մէջ՝ իբրեւ աշխատակից, նաեւ պատճառ դարձաւ Մասիսին՝ Պէյրութ փոխադրուելուն, ապա մեր ընտանիքը եւս հոն հաստատուեցաւ։
«Հայրս դարձաւ Լիբանանի առաջնորդարանի առաջատար պաշտօնեայ։ Ան կ՛օգնէր սուրիացի տղաներուն առաջնորդարանէն թուղթեր ստանալու։ Մոլեռանդ հայրենասէր հօրս հայրենիքի կարօտը գոհացնելու համար, անոր մահուընէ ետք, Ալիս քոյրս երբ այցելեց Հայաստան, այնտեղէն ափ մը հող բերաւ հօրս գերեզմանին համար։
«Ես շրջան մը, մինչեւ ամուսնանալս, սկսայ աշխատիլ Ծառուկեանի «Նայիրի»ի խմբագրատան մէջ։ Այստեղ ունիմ պատմութիւն մը։ «Նայիրի»ին թիւերը կը ղրկուէին Եգիպտոս, սակայն բաժանորդներէն կարելի չէր գանձել վճարումները, քանի որ Եգիպտոսէն արգիլուած էր դրամի արտածումը։ Ծառուկեան ինծի ըսաւ՝ մէյ մը գնայ, նայիր թէ ինչ կրնաս ընել։ Եւ ես գացի Եգիպտոս։ Հասնելուս պէս, Սիրքէյեան անունով գործատէր մը, որ ծխախոտի ֆապրիքա ունէր, գործը ձգեց եւ ինծի ինքնաշարժով տարաւ բոլոր «Նայիրի» ստացողներուն քով, եւ անոնք վճարեցին իրենց 4-5 տարուան պարտքերը։ Այժմ կարգը եկաւ, թէ ինչպէս պիտի հանէի այդ դրամները երկիրէն. որոշած էի պահել կօշիկիս մէջ։ Ինծի հիւրընկալողները մտահոգուեցան։ Երբ անցայ մաքսատունէն եւ բարձրացայ օդանաւի աստիճաններով, ձեռքս թափահարելով բացագանչեցի՝ ազատեցայ։ Վերադարձայ Պէյրութ՝ խմբագրատան վարչական պատասխանատուի առաքելութիւնս աւարտած։
«Կ՛ուզեմ նաեւ յիշել Մասիսի մտերիմ ընկերոջ՝ Վարդգէս Ուրիշեանի անունը։ Ուղղամիտ, խելացի, պարկեշտ, Ամերիկեան քոլեճ ուսանած երիտասարդը ընդունած էինք մեր տան տղային պէս»։
Վարդգէս Ուրիշեանի «Մեր Արմատները Նոր Լոյսի Տակ» երկհատոր տպագրուած ուսումնասիրական աշխատանքը, որ անձամբ յանձնել ենք Երեւանի Մատենադարանին, կարելի է գտնել այնտեղի Տպագիր գրքերի բաժնում, 43582 եւ 43583 համարների տակ։
***********
Շատ էին տիկին Քնարիկի պատմութիւնները անցեալի մասին։ Տէր եւ տիկին Քոթոյեանները նաեւ ունէին իրենց ներկան՝ միակ որդի Սարօն, յաջողակ գործատէրը իր հաշուապահական ասպարէզում։ Հալէպում ծնուել եւ տեղի Քառասնից Մանկանց եկեղեցում էր կնքուել մանուկը։ Այդ օրերին Պէյրութից հեռաձայնել էր քեռի Մասիսը եւ փափաքել, որ երեխայի անունը դրուի Սարօ։ Իր ծնողներին անձնուրաց ծառայող որդին, իր տիկնոջ՝ Այտայի, զաւակների՝ Սարինի եւ Քրիս-Քրիստափորի հետ, հոգով սրտով, ամէն գնով պահպանում են հայրիկի եւ մայրիկի խաղաղ, երկար կեցութիւնը իրենց բնակարանում, տարբեր տեսակի օժանդակութիւններով եւ խնամքով։
Ժամանակին, երիտասարդութեան օրերի երգիչ պրն. Խաչիկը ասում է. «Տակաւին վրանիս հայկական արուեստի շնորհք կայ եւ կ՛ուզենք փոխանցել զայն գալիք սերունդին» ու արտասանում է Յովհ. Շիրազի բանաստեղծութիւնից մի քառեակ.
«Հուրն են սիրոյ սեւի սիրուն լոյս աղջիկներն Հայաստանի,
Սրտիս վրայ քայլող գարուն` կոյս աղջիկներն Հայաստանի,
Իմ սիրտն ի՜նչ է, ա՛խ, թէ ուզեն` բերդեր կ՛առնեն մի հայացքով,
Անառիկ բերդ ու սիրոյ սիւն` յոյս աղջիկներն Հայաստանի»:
Իսկ Քնարիկը, որ արգիլեց մեզ տիկին կոչել իրեն՝ ասում է. «Մեծ ընտանիքէս մնացինք միայն ես ու Մասիսը։ Մինչեւ օրս դեռ հայու կարօտախտ ունիմ։ Կ՛ուզեմ հայ դրացիներ ունենալ, միշտ խօսիլ հայերէն»։
Սակայն… յուշերը աւելի խօսուն են, քան ներկան։ Տէր եւ տիկին Քոթոյեանները՝ կառչած իրենց աւանդական կուսակցութեան, իրենց հայութեան արմատներին, դեռ հաւատում են հայ լինելու ուժին եւ զօրութեանը։ Եւ միայն այդ հաւատքն է, որ ապրեցնում է նրանց այսքան երկար տարիներ։ Թող այդ ամուր հաւատամքը, չխաթարուած հայրենասիրութիւնը վարակիչ լինի բոլոր հայերին՝ ի սփիւռս, Հայաստան եւ համայն աշխարհի։