ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Յուլիս 2016ին պաշտօնական բացումը կատարուած էր Գիւմրիի «Շիրվանեան» Երիտասարդական կեդրոնին եւ այս ամառ նշուեցաւ կեդրոնին հիմնադրութեան հինգերորդ տարեդարձը։
Այս առիթով, «Մենք ենք Գիւմրին» յանձնախումբը 30 Յուլիսին, Էնսինոյի մէջ իրականացուց դրամահաւաքի ձեռնարկ մը, որուն մասնակցած 125 հիւրերը, համակիրները եւ հովանաւորները գոյացուցին 90,000 տոլար, ի նպաստ յանձնախումբի առաքելութեան։ Ձեռնարկին գլխաւոր հովանաւորն էր Գօգօ Թօփալեանը։
Շիրվանեան ընտանիքը եւ Վահիկ եւ Ալիս Պետրոսեանները շարունակեցին իրենց առատաձեռն աջակցութիւնը այս նպատակին, 50,000 տոլար նուիրելով։ Այս գումարը պիտի յատկացուի 2017ին մահացած բարերար Մինա Շիրվանեանի յիշատակին հաստատուած կրթաթոշակի հիմնադրամին,որ ցարդ 37 կրթանպաստներ տրամադրած է Շիրակի մարզէն համալսարանական ուսանողներու, որոնք իրենց կարգին կամաւոր սպասարկութիւններ կը տրամադրեն Գիւմրիի «Շիրվանեան» կեդրոնին։

«Յանձնախումբին անունով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Շիրվանեան ընտանիքին, մեր համակիրներուն եւ Հայաստանի մեր նուիրեալ անձնակազմին։ Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանին ցուցաբերած նեցուկը կ՛ապահովէ այս նախաձեռնութեան յաջողութիւնը», յայտնեց «Մենք ենք Գիւմրին» յանձնախումբին անդամ Կարինէ Իզմիրլեան։
Դրամահաւաքի ձեռնարկին մասնակցողները վայելեցին Վարանդ եւ Ժիրայրի Պարսամեաններու կատարումները: Skype-ի միջոցաւ կապ հաստատուեցաւ «Շիրվանեան» կեդրոնի վարիչ Գոհար Կարապետեանի հետ, որ մանրամասն տեղեակութիւններ փոխանցեց կեդրոնին գործունէութեան մասին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցաբերուող աջակցութեան համար։
Ձեռնարկին մասնակցողները նաեւ դիտեցին «Շիրվանեան» կեդրոնի սաներուն կողմէ եւ կեդրոնին հինգերորդ տարեդարձին առիթով պատրաստուած տեսանիւթը։
Գիւմրիի «Շիրվանեան» Երիտասարդական կեդրոնը կարելի եղած էր մէջտեղ բերել հանգուցեալ տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Մինա Շիրվանեաններուն աջակցութեան շնորհիւ, 1988ի երկրաշարժէն վնասուած այդ կառոյցին մէջ իրականացուած նորոգութեան աշխատանքներուն ամբողջացումէն ետք: Այդ թուականէն ի վեր, «Մենք ենք Գիւմրին» յանձնախումբը կեդրոնը վերածած է այդ շրջանի պատանիներուն եւ երիտասարդներուն համար աշխոյժ գործունէութեան վայրի մը, կազմակերպելով անգլերէնի, ռուսերէնի, համակարգչային գիտելիքներու, երաժշտութեան, ճատրակի եւ պարի դասընթացքներ. անիկա դարձած է մշակութային, կրթական եւ ընկերային վայր մը, նպաստելով Հայաստան–Սփիւռք յարաբերութեան սերտացման։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնած «Մենք ենք Գիւմրին» կը տնօրինէ նաեւ Մինա Շիրվանեանի յիշատակին հաստատուած կրթաթոշակի հիմնադրամը, որ առիթ կը ստեղծէ Գիւմրիի երիտասարդներուն, որ իրենց բարձրագոյն ուսումը շարունակեն հայրենիքի մէջ, որպէսզի անոնք ապագային գործնականապէս մասնակցին Գիւմրիի վերականգնման աշխատանքին: