ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՀԱՊԿի ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս շնորհաւորական ուղերձ յղեց Նիկոլ Փաշինեանին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնին վերանշանակուելուն առթիւ: Ուղերձին մէջ կը շեշտուի, որ Զաս բարձր կը գնահատէ Հայաստանի ներդրումը ՀԱՊԿի գործունէութեան եւ թէ կ՛ակնկալէ, որ ՀԱՊԿի նախագահութիւնը ստանձնելու՝ Հայաստանի քայլը կը նպաստէ Եւրասիական տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ ապահովութեան մակարդակի բարձրացման:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.