ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Հայաստան» դաշինքը յառաջիկայ օրերուն Սահմանադրական դատարան պիտի դիմէ՝ Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան բանտարկուած պատգամաւորներ Մխիթար Զաքարեանի եւ Արթուր Սարգսեանի հարցով:
Այս մասին խորհրդարանին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արամ Վարդեւանեան: Ան ըսաւ, թէ ոչ ոք թող կասկածի, որ իրենց պաշտօնակիցներուն բանտարկութեան վճիռը պիտի փոխուի, եւ անոնք ազատ պիտի արձակուին։
Նշենք, որ Մեղրի համայնքի նախկին ղեկավար, «Հայաստան» խմբակցութեան ցանկով պատգամաւոր ընտրուած Մխիթար Զաքարեան բանտարկուած է 13 Յուլիսին, իսկ Սիսիան համայնքի նախկին ղեկավար, «Հայաստան» խմբակցութեան ցանկով պատգամաւոր ընտրուած Արթուր Սարգսեան՝ 18 Յուլիսին: