ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան առաջարկեց 2 Սեպտեմբերին Ազգային ժողովի նախագահի մակարդակով պատուիրակութիւն մը կազմել եւ այցելել Արցախ: Ազգային ժողովի ամպիոնէն արտասանած իր խօսքին մէջ ան նշեց, որ երբ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը այցելեց Արցախի Հանրապետութիւն, անոր յաջորդեց Ատրպէյճանի շատ կոշտ արձագանգը:
«Այդ արձագանգից յետոյ Հայաստանի Հանրապետութեան քանի՞ բարձրաստիճան պաշտօնեայ է այցելել Արցախի Հանրապետութիւն` որպէս համարկման բարձրագոյն աստիճանի առհաւատչեայ: Առաջարկում եմ Սեպտեմբերի 2ին Ազգային ժողովի բարձրագոյն մակարդակով պատուիրակութիւն կազմել եւ այցելել Արցախ: Տեսնենք գործընթացը ո՞նց կը գնայ, տեսնենք Ադրբեջանի արձագանգը ի՞նչ կը լինի, որովհետեւ առաջին բացասական արձագանգից յետոյ էլ բարձրաստիճան որեւէ պատուիրակութիւն Արցախ չի այցելել», նշեց Խաչատրեան: