ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եւրոպական առաջատար «Լիւֆթանզա» օդանաւային ընկերութիւնը երկար տարիներու դադարէ ետք կը վերադառնայ Հայաստան։
«Լիւֆթանզա» ընկերութիւններու խումբը 13 Օգոստոսէն սկսեալ, շաբաթական մինչեւ 16 թռիչքներ պիտի կատարէ դէպի Երեւան:
«Արմենիա» միջազգային օդակայաններ ընկերութեան տնօրէն Մարսելօ Վենտէ լրագրողներու յայտնեց այս լուրը՝ նշելով, թէ աշխարհի ամէնէն հեղինակաւոր եւ վստահելի օդանաւային ընկերութիւններէն մէկը պիտի սկսի դէպի Հայաստան թռիչքներու։
««Լիւֆթանզա» խմբի ներկայութիւնը Հայաստանում բաւականին լայն նշանակութիւն ունի, այն հնարաւորութիւն կը տայ Հայաստանի քաղաքացիներին ճանապարհորդել 280 ուղղութեամբ՝ դէպի 100 երկիր: Ներկայում, Հայաստանում թռիչքներ իրականացնող աւիաընկերութիւններից որեւէ մէկը չի առաջարկում նման բան: Այս համակցումը թոյլ կը տայ «Լիւֆթանզա» խմբին, տարեկան աւելի քան 100 միլիոն ուղեւոր փոխադրել», նշեց Մ. Վենտէ՝ աւելցնելով, որ այս քայլը կարելիութիւն պիտի տայ տարբեր երկիրներէ Հայաստան ժամանող զբօսաշրջիկներու թիւի բարձրացման:
Վենտէ շեշտեց նաեւ, որ իրենք պատրաստ են աջակցելու «Լիւֆթանզա» խումբին բոլոր անհրաժեշտ հարցերուն մէջ՝ այս նոր ուղղութիւններուն մէջ յաջողելու համար:
Ամէն օր պիտի իրականացուին Երեւան-Վիեննա թռիչքներ, շաբաթը 3 անգամ՝ Երեւան-Ֆրանքֆորտ, շաբաթը 5 անգամ՝ Երեւան-Պրիւքսէլ եւ շաբաթը 1 անգամ՝ Երեւան-Քէօլն ուղղութիւններով:
«Լիւֆթանզա» խումբի Կեդրոնական, Արեւելեան եւ Հարաւ-արեւելեան Եւրոպայի վաճառքի գլխաւոր տնօրէն Փիթըր Պուլլեմ նշեց, որ իրենց խումին մէջ կան զանազան ընկերութիւններ՝ «Austrian», «Brussels airlines», «SWISS», «Eurowings», եւ «Lufthansa»:
«Յաճախորդներու պահանջքի կտրուկ յաւելումը արտօնեց մեզի ընդլայնել մեր թռիչքներուն ժամանակացոյցը: Մենք այժմ նոր ներդրումներ կը կատարենք արհեստագիտութեան մէջ, որոնք կան օդանաւերուն մէջ, բարելաւած ենք ենթակառուցուածքները, ինչպէս նաեւ կարողութիւն ունինք նուազեցնելու ածխածնի արտանետումներու թիւը՝ շրջակայ միջավայրի պահպանութեան նպատակով», յայտնեց ան։
«Լիւֆթանզա» խումբի Ուքրանիոյ, Պելոռուսի, Թուրքմենիստանի եւ Հարաւային Կովկասի վաճառքի գլխաւոր տնօրէն Ռենէ Քոինզաք շեշտեց, որ իրենք դէպի Հայաստան իրականացուելիք թռիչքներու բաւական մեծ փորձառութիւն ունեն: Ան յիշեցուց, որ առաջին անգամ Հայաստան թռիչք կատարած են Դեկտեմբեր 1988ին՝ 108 թոն օգնութիւն փոխադրելով (Սպիտակի երկրաշարժէն ետք):