ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
«Ասեղն ի՞նչ է. դա շատ բարակ,
չնչին բան է մի հասարակ,
շատ բաներում, բայց թէ յաճախ,
ասեղն է միշտ լինում պատճառ»:
Երախտապարտ ենք բանաստեղծ եւ վիպագիր Խաչիկ Դաշտենցին, որ նկատեց փոքրիկն ասեղը ու բանաստեղծութիւն մը նուիրեց անոր: Երկարաշունչ է այդ բանաստեղծութիւնը, անունը՝ «Ասեղնապոեմ», որուն նախաբան քառեակը դուք կարդացիք (քիչ ետք դարձեալ պիտի անդրադառնամ այդ հետաքրքրական ստեղծագործութեան):
Յարգելի ընթերցող, բառերու խորհրդաւոր աշխարհին նուիրուած յօդուածաշարիս մէջ շատ անգամ հիւրասիրեցի բառեր, որոնք թէեւ փոքր, բայց խիստ օգտաշատ եւ ծառայասէր էին, ինչպէս` ասեղը: Պահ մը երեւակայենք աշխարհը առանց մէկ ասեղի: Ո՞վ պիտի կարէր պատռած տաբատը կամ փէշը: Տրակտո՞րը… Ուստի, այսօր, երախտագիտական խոր զգացումով, ասեղի մը ծայրով քրքրենք հայոց լեզուի դաշտերը, կատարենք գրական պեղումներ եւ կարենք «ասեղ» բառի մանր պատմութիւն մը:
Չենք գիտեր, թէ ո՛վ էր ասեղնագործ առաջին հայուհին, սակայն ստոյգ գիտենք «ասեղ» բառի գրական առաջին գործածութիւնը: Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութեան մէջ յայտնուեցաւ անիկա, իբրեւ «ասղանի», «ասղնագործ» եւ «ասղնագործութիւն»: Այն ժամանակ աւելի մեծ ու ներկայանալի էր, «Ասեղն», ունէր տառ մը աւելի:
Կը կարծէինք, թէ դերձանն ու մատնոցը միայն կ՛ընկերակցին ասեղին, սակայն Մատթէոսի, Մարկոսի եւ Ղուկասի Աւետարաններուն մէջ «ասեղ»ին քով յայտնուեցաւ… ուղտ մը, քանզի աւետարանիչները ըսին. «Աւելի հեշտ է, որ ուղտն ասեղի ծակով անցնի, քան թէ հարուստը Աստուծոյ արքայութիւն մտնէ»:
Ապա մեր թարգմանիչ սուրբերը եւ մատենագիրները տիւ ու գիշեր, ասեղնագործի մը բծախնդրութեամբ ստեղծեցին «ասեղ»ով բանուած բաղադրեալ բառեր: Ահա քանի մը նրբագոյն օրինակ. ասեղնաբանուածք, ասեղնակարկատ, ասեղնագործ, ասղանի: Այս բառերով պերճացաւ մեր նախնեաց գրականութիւնը. «Ասեղնակարկատ անօրէնութեամբն իւրեանց», «Խորան նկարակերտ ասեղնագործ», «Ասղանի կապուտակ»…: Միջնադարուն յայտնուեցաւ նոր մէկ բառ՝ «ասեղնալից»: Անիկա տեղ գտաւ ձեռագիր յիշատակարանի մը մէջ. «Ասեղնալից ոսկետտուն ալամ զարդիս կողոպտեցար, ա՜յ»:
Անշուշտ պէտք է յիշել ասեղներու երեք ժամանակակից տեսակները՝ մագնիսի, կողմնացոյցի եւ ձայնապնակի: Անոնք չեն ցաւցներ ձեր մատները, սակայն զգուշութեամբ պէտք է գործածել՝ գնդասեղը:
Մեր լեզուն, որ ճկուն է պատկերալից դարձուածքներ ստեղծելով, չէր կրնար անտարբեր մնալ նաեւ «ասեղ» բառին հանդէպ: Երբ անցնինք կեանքի դժուարութիւններէ եւ փորձանքներէ, կ՛ըսենք՝ «Ասեղի անցքով անցնիլ»: «Ասեղի ծակէն կ՛անցնի» այն մարդը, որ չափազանց նիհար է: Ժլատ ու խաբեբան «Ասեղ մաշկող» է: «Ասեղի ծակէն Հնդկաստան» կը նային անոնք, որոնք խորամանկ են, կը լսեն եւ կ՛իմանան ամէն բան: Իսկ, յարգելի ընթերցող, չպատահի ձեզի «Ասեղներու վրայ ըլլալ», քանզի ան կը նշանակէ՝ անհանգիստ ըլլալ, անյարմար վիճակի մէջ գտնուիլ: Իսկ ո՞վ ներկայ չէ եղած հաւաքոյթի մը, ուր «Ասեղ նետես՝ գետին չ՛իյնար», կամ՝ «Ասեղ նետելիք տեղ չկայ»: Խաչատուր Աբովեանը «Վէրք Հայաստան»ջ վէպին մէջ նկարագրեց այդպիսի պատկեր մը. «Բերդի մէջն ու չորս կողմը որ ասեղ քցէիր, գետնին չէ՛ր հասնի»:
Ի՞նչ է «ասեղ» բառի ծագումը: Բազմաթիւ լեզուաբան մտաւորականներու զբաղումն էր գտնել այս հարցումին պատասխանը: Մանրակրկիտ պրպտումներէ ետք, անոնք հասեր են հետեւեալ եզրակացութեան. «Ասեղ» բառը յառաջացած է բնիկ հնդեւրոպական aklon կամ akln արմատէն, որ կը նշանակէ՝ «սուր»:
Միջնադարուն «ասեղ» բառը ուշադրութիւնը գրաւած էր աստուածաբան եւ լեզուաբան, Տաթեւ վանքի վանահայր Գրիգոր Տաթեւացիին: Քարոզներու իր գիրքին մէջ ան ըսաւ. Երկիւղը մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի Աստուծոյ սիրոյ եւ արքայութեան, ապա ինք կ՛անհետանայ, ինչպէս ասեղը իր հետ կը տանի դերձանը, դերձանը կը մնայ կտաւի մէջ, բայց ասեղը կը մնայ դուրս:
19րդ դարուն մէկ այլ հոգեւորական՝ Ղեւոնդ վրդ. Տայեան, գործածեց «ասեղ» բառը: Ան նկարագրեց հրդեհ մը, որ այրեց ամէն բան՝ «մինչեւ չմնալոյ եւ ոչ ասեղ մի»: Հազուագիւտ է բառիս գործածութիւնը աշուղներու կողմէ: Լոկ մէկ տաղասաց՝ Ստեփանոս Թոխաթեցի, գործածեց զայն ժամատան մէջ զինք անխնայ խայթող լուերը նկարագրելու համար. «Ո՛չ կու թողուն սաղմոս ասել, / Ո՛չ ծունտր ածել, ո՛չ աղօթել, / Հանց կու խայթեն որպէս ասեղ»: Իսկ Պետրոս Դուրեանի համար «ասեղ» բառը ունէր ազգային իմաստ: Ըստ անոր, ազատութեան համար ասեղի չափ զէնք պէտք չէր, եթէ հայը ունենար տրոփող սիրտ. «Է՜հ, մի՛ վախէք, ասեղ մ՚անգամ պէտք չէ մեզ… Կուրծերնուս տակ տրոփող սի՞րտ մ՛ալ չունինք»: Դանիէլ Վարուժան երգեց աղքատիկ ասեղնագործ աղջնակներու ցաւը. «Կ՛աշխատէիք հիւղակին մէջ, ճրագին տակ արդար… Ասեղն հիւծած մատներնուդ միջեւ ցուրտէն կը սարսռար»:
Նոյն օրերուն, երբ դեռ խօսուն էին հայոց սարերն ու ձորերը, Հրաչեայ Աճառեանը ականջ տուաւ բարբառներուն, արձանագրեց «ասեղ» բառի հազար ու մէկ ձեւերը: Ակնայ, Խարբերդի, Կարնոյ, Սեբաստիոյ եւ Պոլսոյ մէջ «ասէխ» էր անիկա, Ջուղայի մէջ՝ «ասուղ», իսկ Թիֆլիսի մէջ՝ «ասիղ»: Ահա, թէ ինչո՛ւ Սայաթ Նովան երգեց այսպէս. «Ախր, գոզա՛լ, ի՞նչ իս ուզում. / Խմորից վո՞ւնց նիտ կուլի, / Ջրից վո՞ւնց մզրախ կու շինուի, / Մաստակից (ծամոց) ի՞նչ ասիղ կուլի»: Երբ դեռ խօսուն էին հայոց սարերն ու ձորերը, տեղանուն էր նաեւ «ասեղ»ը. գիւղ էր անիկա Կարնոյ նահանգի Քղիի գաւառակին մէջ, եւ գիւղ մըն ալ՝ Վասպուրականի մէջ, Ղազար Անձեւացիի ծննդավայրը: Այժմ ունինք նաեւ լերան չափ մեծ ասեղ մը՝ Ասեղասարը, որ Գեղամայ լեռնաշղթային պատկանող լեռ է եւ ունի 2482 մ. բարձրութիւն:
«Ասեղ» բառը կը շարունակէ հետաքրքրական արտայայտութիւններ կազմել եւ մանաւանդ զարմանալի վերնագիրներ հիւսել հայրենիքի մէջ: Ահա՛ մամուլէն առնուած քանի մը զգայացունց խորագիրներ. «28 տարեկան հարսը կեանքին վերջ տալու համար ասեղ է կուլ տուել», «Բժիշկները փրկել են ասեղ կուլ տուած տղամարդու կեանքը»: Կիւմրեցի ասեղնագործ, 91ամեայ Քնարիկ Խաչատրեանի համար ասեղը ունի ուրիշ նշանակութիւն. «Իմ վրձինն ասեղն է, ներկապնակս՝ թելերը»: Իսկ երեւանեան թէյարանի մը մէջ եթէ ձեզի առաջարկեն «Արծաթ ասեղ» խմել, մի՛ վախնաք, վտանգաւոր բան չէ անիկա, այլ՝ ընտիր թէյ մը, որ ունի ասեղնաձեւ, սրածայր արծաթագոյն-կանաչ տերեւներ:
30ական թուականներուն ինչպէ՞ս յանկարծ Հայաստանի բոլոր ասեղները անհետացան եւ շուկան մնաց առանց ասեղի: Հայաստանը այդ օրերուն ասեղ կ՛արտադրէ՞ր: Եկէք դարձեալ ականջ տանք «Ասեղնապոեմ»ին, Խաչիկ Դաշտենցի զաւեշտական ստեղծագործութեան եւ ստանանք պատասխաններ: Նախ լսենք, թէ ուրկէ՛ կու գային բոլոր ասեղները. «Ասեղ կը գար նախ Մոսկովից / Յետոյ կ՛անցնէր Կասպից Ծովից / Թիֆլիս կը գար ու Երեւան / Երեւանից կ՛անցնէր Աւան»: Անշուշտ որ արտասահմանէն պիտի գար անիկա, որովհետեւ ասեղ շինելը մեծ ճարտարարուեստ կը պահանջէր…: Որպէսզի մենք ալ ունենանք մեծ-մեծ գործարաններ, այդ օրերուն յայտնուեցան յառաջադէմ միտքեր եւ առաջարկեցին. «Ասեղները պէտք է ձուլենք / Ռելս, տրակտոր, աւտօ շինենք»: Հետզհետէ պակսեցաւ ասեղը ու դարձաւ անգտանելի… Օր մըն ալ ապագայամոլ յառաջադէմի մը տաբատը պատռեցաւ, գնաց դերձակ բարեկամի մը մօտ, որ մէկ հատ ասեղ տայ: Բարեկամը զայրացած՝ պատասխանեց. «Ասեղ չկայ, գնաս բարով, / Շորդ կարիր տրակտորով»:
Յարգելի ընթերցող, եթէ գիշերային ժամերուն կը կարդաք այս յօդուածը, ապա զգոյշ եղէք, որովհետեւ երազի մը մէջ ասեղ տեսնելը ունի բազմաթիւ անյարմար նշանակութիւններ: Եթէ «կը կարէք ասեղով», ապա ձեզ կը սպասեն անյաջողութիւններ: Նաեւ, դուք կրնաք կորսնցնել ձեր մտերիմ մարդու սէրը: «Ասեղ փնտռել» կը նշանակէ դատարկ մտահոգութիւններ, իսկ «ասեղ կոտրել»՝ առանձնութիւն եւ աղքատութիւն: Լաւագոյնը, դուք այս գիշեր փորձեցէք ձեր երազին մէջ «ասեղ գտնել», որովհետեւ այդ կը նշանակէ նոր հետաքրքրական ծանօթութիւններ պիտի ունենաք: