Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լ.Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան, Ուրբաթ, 13 Օգոստոսին տեղի ունեցաւ «Հայկական Հարցը եւ դաւադրական դաշնագիրները 1878-1923» խորագիրով դասախօսական երեկոյ մը, Դամասկոսի «Ահարոնեան» կեդրոնին մէջ: Ձեռնարկին ներկայ էին կեդրոնի պատասխանատու մարմինի անդամները, բարեսիրական, մարզական եւ մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներ, հրաւիրեալներ եւ ազգայիններ:
Վարչութեան անդամ Շողիկ Սարգիսեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ներկայացուց դասախօսին հակիրճ կենսագրականը, որմէ ետք վարչութեան խօսքը արտասանեց Վարանդ Մելքոնեան:
Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան Սերուժ Ղազարեան եւ Սերժ Պոյաճեան։
Օրուան բանախօս դոկտ.Սարգիս Պուրունսուզեան համապարփակ գիծերու մէջ ամփոփեց հայ ժողովուրդի պատմութեան կարեւորագոյն եւ փոթորկալից ժամանակաշրջանը՝ սկսելով Սան Ստեֆանոյի դաշնագիրէն հասնելով Լոզանի դաշնագիրը, որուն պատճառաւ հայ ժողովուրդը մեծ պետութիւններու քաղաքական եւ դիւանագիտական շահերուն յաճախակի զոհը դարձաւ, սակայն Սեւրի դաշնագիրով հաստատեց Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային եւ իրաւական ճանաչումը: Բանախօսը շեշտեց, որ Սեւրը միջազգային միակ փաստաթուղթն է, որուն մէջ մանրամասնօրէն ճշդուած եւ քարտէսագրուած է հայեւթրքական միջպետական սահմանագծումը՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ատենի նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարարութեամբ: Ըստ այդ դաշնագիրին՝ Օսմանեան Թուրքիան կը յայտարարէր, որ կը ճանչնայ Հայաստանը՝ իբրեւ ազատ եւ անկախ պետութիւն, որուն սահմանները պիտի անցնէին Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի եւ Պիթլիսի տարածքներով, դէպի Սեւ ծով ելք ունենալով, սակայն Լոզանի դաշնագիրին ստորագրումով դարձեալ քաղաքական եւ դիւանագիտական շահերը գերիշխեցին հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն՝ հայեւթրքական իրաւական սահմանագծումը խախտելով ու կտրատելով Սեւրով ամրագրուած սահմանները հայաստանի հանրապետութիւնը ձգեցին այսօրուան իր ներկայ տարածքով: Աւարտին, բանախօսը պատասխանեց հայրենիքի մերօրեայ քաղաքական իրադրութիւններուն վերաբերող ներկաներուն հարցումներուն:
Դասախօսական երեկոն վերջ գտաւ Պսակ քհնյ.Պէրպէրեանի Պահպանիչ աղօթքով: