ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնը եւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի ուխտի օրը նշուեցան Շաբաթ, 14 Օգոստոսի երեկոյեան, Ս. Աստուածածին վանքին մէջ:
Ս. եւ անմահ պատարագը մատուցեց Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, իսկ պատարագի կոմիտասեան արական երգեցողութիւնը կատարեցին «Շնորհալի» երգչախումբի անդամները՝ խմբավարութեամբ Զաւէն վրդ. Նաճարեանի:
Ս. պատարագի աւարտին, կաթողիկոսը, շրջապատուած եպիսկոպոսներով եւ միաբան հայրերով՝ բարձրացաւ Ս. խորան, ուր կատարեց խաղողօրհնէքի աւանդական արարողութիւնը, որմէ ետք փոխանցեց իր Հայրապետական պատգամը:
Ներկայ տագնապներուն մէջ ժողովուրդին հոգեկան ապրումներուն թարգմանը ըլլալով՝ հայրապետը իր աղօթքը բարձրացուց առ Աստուած՝ փառք ու գոհութիւն տալով Անոր. «Փառք Քեզ, Աստուած, փառք Քեզ. յաղագս ամենայնի, Տէր, փառք Քեզ»:
Անդրադառնալով մարդուն մեղանչումին՝ հայրապետը դիտել տուաւ, որ Աստուած մարդուն օժտեց երկնային շնորհներով եւ տուաւ իշխանութիւն, սակայն մարդը անտեսելով իր շնորհքին Աստուածատուր ըլլալը՝ իշխանութիւնը վերածեց բացարձակ հեղինակութեան, անտեսեց համարատուութիւնը ու վերածուեցաւ չարիքի աղբիւրի: Ան ընդգծեց, որ այն, ինչը կը կատարուի եւ կը տեսնենք այսօր՝ մարդուն մեղքի եւ Աստուծոյ կողմէ մարդուն տրուած պատասխանատուութեան անպատասխանատու վերաբերմունքին հետեւանքն է, եւ, ուստի, հայրապետը հարց տուաւ, թէ արդեօք մարդը կ՛անդրադառնա՞յ, որ Աստուած ոչ միայն կեանք եւ օրհնութիւններ շնորհած է մարդուն, այլեւ Իր գործակիցը դարձուցած է անոր. տուած է ազատութիւն՝ ոչ միայն կառավարելու ինքզինք, այլ նաեւ՝ ամբողջ տիեզերքը: Վեհափառ հայրապետը նշեց, որ մարդ արարածը կառավարումը պէտք է կատարէ բարձրագոյն գիտակցութեամբ, որովհետեւ ինքնակեդրոն եւ ինքնանպատակ կենցաղին մէջ կը բացակայի Աստուած. իսկ հոն, ուր բացակայ է Աստուած, անհատական թէ հաւաքական կեանքին մէջ, կը տիրէ մեղք, չարիք, ապականութիւն եւ անիշխանութիւն:
Վերջապէս, հայրապետը յայտնեց, որ հարկ է ընդմիշտ փառք եւ գոհութիւն տալ Աստուծոյ, մանաւանդ երբ շրջապատուած ենք տագնապներով, որովհետեւ միայն Աստուած է ճանապարհը, փրկութիւնը եւ յաւիտենականութիւնը:
Նշենք, որ նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ ստեղծուած ընկերային եւ տնտեսական ծանր պայմանները, այս տարի մատաղ (հերիսա) չպատրաստուեցաւ, այլ միայն խաղողի օրհնութեան կարգ կատարուեցաւ, իսկ ուխտաւորները, փոխան մատաղցու ոչխարի, իրենց ուխտի ընծաները ընծայեցին բարեսիրական եւ մարդասիրական հաստատութիւններու: