Գէորգ Պետիկեան

Հայ դպրոցը միշտ եղած է ու կը մնայ մեր ազգային գոյատեւման գլխաւոր խարիսխներէն մէկը: Նորութիւն մը չէ: Երբեք: Ու յատկապէս այս օրերուն, ազգովին կը գտնուինք այնպիսի պայմաններու տակ, որ նոյնիսկ սկսած ենք կորսնցնել մեր ինքնութիւնը, մեր հաւատքը եւ մեր լեզուն: Համաշխարհայնացումը իր սարսափելի աւերները սկսած է գործել եւ մեզմէ զոհեր խլել: Այս մէկն ալ նորութիւն մը չէ: Նաեւ աւելցնեմ, որ հակառակ այս վտանգաւոր եւ համայնակուլ աղէտին, մեր աչքերը յառած ենք մեր դարերու մշակոյթին ու ինքնուրոյն փառքը պահպանելու կոչուած հայ դպրոցին, որ հաստատ ու ապահով քայլերով, հայ սերունդները դէպի նոր ապագայ կ՛առաջնորդէ:
Ամէն տեղ, մեր նոր սերունդի մօտ առկայ են տարբեր մտայնութիւններ, հետաքրքրութիւններ ու ճաշակ: Սփիւռքեան ճակատագրին մէջ ինկած ենք եւ կ՛ապականի մեր շրջապատը, ու անհրաժեշտ է հայ մտքի կոփումը, հայ նոր սերունդը մեր տոհմիկ յատկանիշներուն հետ միատեղ կենսունակ պահելու եւ մեր գոյատեւման պայքարին ազգային իմաստ տալու էականութեան կողքին։
Եւ ահա՛, Հայ դպրոցը: Կ՛ըսեմ, հաւատքով եւ նոյնքան ալ՝ յոյսով:
Հոս է, որ ուսումնական եւ կրթական նոր ոճով եւ մօտեցումով, ազգային, հայրենասիրական եւ բարոյականութեան չափանիշներու եւ սկզբունքներու բովանդակութեամբ լեցուն դասագիրքով, հայ աշակերտին կը տրուի հայու ոգի եւ հայապահպանման ու հայակերտման նպաստող ճիգ եւ աշխատանք:
Բայց, միայն Հայ դպրոցով կարելի չէ բաւականանալ:
Այս բոլորը կը սկսին մեզմէ, մեր իսկ տուներէն, ու անկէ ետքն է, որ կը հասնին մեր վարժարաններուն եւ միութենական եւ կազմակերպչական ծրագրումներուն։
Արդ, վերամուտ է։

Ու վերամուտի առիթով թուղթին յանձնուած այս խոհերն ու ապրումները, նաեւ կու գան ապացուցանելու մեր բոլորին, Հայ դպրոցի նկատմամբ ունեցած ազգային առաքելութիւնը, հաւատքն ու գիտակցութիւնը:
Ուսումնական նոր վերամուտ է, կը կրկնեմ եւ ինքնաբերաբար բոլոր վարժարանները լծուած են նոր թափով աշխատանքի ու սիրով հանդիպած՝ հին ու նոր աշակերտներու եւ սակայն անպայման ցաւելով՝ բացականերուն համար։
Հայկական վարժարաններու վերամուտը, խորքին մէջ գեղեցիկ երեւոյթ մը ըլլալով հանդերձ, նաեւ ուրիշ «բաներ» ալ ունի պահուած իր ետին։ Երեւոյթներ եւ թելադրանքներ։
Դպրոցական վերամուտ, որ կը նշանակէ նաեւ նոր պատեհութիւն։ Այս բոլորը կը տեսնենք եւ կը զգանք։ Տարի մը եւ աւելի «Քորոնա» համաճարակին պատճառով բաւական «կաղալէ» ետք, ահա հայ աշակերտները իրենց երկրորդ տունը կը վերադառնան:
Այս մէկը շնորհիւ՝ գիտակից հայ ծնողքին:
Անոր համար եւ առաջին իսկ հերթին, մեր աչքին առջեւ կը պարզուի մեր հայ ծնողներու գերագոյն զոհողութիւնը։ Որովհետեւ, իր զաւակը հայ վարժարան առաջնորդող հայ ծնողքը կը հաւատայ, որ հայ դպրոցը այն աւազանն է, որուն ջուրին մէջ ազգային ոգիով, մայրենիի եւ հայրենիք սիրով ու գուրգուրանքով կը մկրտուի իր զաւակը:
Հայ ծնողքը հաստատապէս կը հաւատայ եւ պէտք է, որ հաւատայ, հայ վարժարանի փայլուն հեռանկարին, իր ապրած գաղութի եւ հայրենիքի բարգաւաճումին եւ անոնց անփոխարինելի դերակատարութեան կողքին։ Նաեւ, որովհետեւ հայ ծնողքը ի՛նք կը հաւատայ, որ Հայ դպրոցը պատմական կառոյց ալ է, նաեւ հայ ընտանիքը յիշեցնող համալիր մը։
Ըսի նաեւ, որ վերամուտը կ՛ենթադրէ նաեւ նոր շրջան եւ նոր առիթ՝ վերսկսելու հոգեկան եւ մտային նոր պատրաստակամութեամբ հունի մը մէջ մտնելու հրաւէրին կողքին։
Հայ դպրոցէն ներս է, որ հայրենիքէն հեռու հայ աշակերտը հայրենիքով կ՛պրի։
Սակայն յիշենք, որ առանց հայ աշակերտութեան հայկական դպրոց վերադարձին՝ մենք պիտի նմանէինք այն վաճառականին, որ բաւարար յաճախորդ չունենալով դատապարտուած է անխուսափելի սնանկացումի: Ու նաեւ աւելցնենք այն հիմնաւորումը, թէ Հայ դպրոցը առանց հայ աշակերտի ու յատկապէս առանց հայ ուսուցիչի, իմաստ մը պիտի չունենար:
Ամէն տեղ եւ ամէն առիթով, տեսանելի է հայախօսութեան զգալի պակասն ու բացակայութիւնը: Եւ այս մէկը մեր մօտ, մեր տուներէն եւ թաղերէն ու հայ կեդրոններէն ու մեր զանազան մշակութային, կրթական եւ մարզական ժողովներէն եւ աշխատանքներէն ներս:
Ճիշդ է, էական է, որ մեր սերունդները զարգանան գիտութեան ճամբով, սակայն նաեւ էական է, որ անոնց միտքը բարգաւաճի հայեցի շունչով, հայ ուսուցիչին մատուցած ջերմ սիրով եւ գուրգուրանքով: Որովհետեւ, ուր որ հայութիւն կայ, Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռքներու տարածքներուն, մեր լեզուն, մեր մշակոյթը եւ մեր պատմութիւնն է, որ մեր ազգը պիտի պահէ յառաջիկայ տարիներուն։
Այս առթիւ նաեւ յատուկ խօսք եւ գնահատանք ու երախտագիտութիւն մեր վարժարաններու բոլոր մեծ ու փոքր բարերարներուն, որոնք հայ ծնողներուն եւ բարեսիրական միութիւններուն ու նուիրատուներու կողքին, ամէն առիթով իրենց նիւթական անսակարկ աջակցութեամբ մեր վարժարաններու դժուարին կեանքը հեզասահ կը դարձնեն:
Մեր կարգին, հաւատալով հայ վարժարանի սրբազան եւ գերագոյն առաքելութեան, յարատեւութեան եւ բարգաւաճման բարի մաղթանքներ կը հասցէագրենք բոլոր մեծ ու փոքր պատասխանատուներուն, որովհետեւ բոլորին նման մենք ալ կը հաւատանք, որ հայ վարժարանին մէջն է մեր անցեալը, մեր մաքառող ներկան ու մանաւանդ՝ յուսադրիչ ապագան։
Արդ, սրտանց բարի երթ մը՝ բոլորին։
bedig43@aol.com