26 Յուլիսին, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Արցախի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, Աշան գիւղին մէջ գործող Համազգայինը մանուկներու համար դէպի անտառ յատուկ արշաւ մը կազմակերպեց։
Բնութեան գիրկին մէջ, մանուկներուն համար կազմակերպուեցան կարգ մը զարգացման մրցումի խաղեր։ Խումբերը մասնակցեցան «Գիտունիկներ» մրցումին եւ ստացան պատուոգիրներ եւ նուէրներ։
Մանուկներուն կ՛ուղեկցէին Համազգայինի ազգային պարի խումբի ուսուցիչ Արման Սեւումեան եւ Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեան։ Համազգայինի Արցախի գրասենեակը յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ Աշանի համայնքապետ Արմէն Բալասանեանին, անոր օժանդակութեան համար։