ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մետիա».- Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահը աշխատանքային այցելութեամբ Երեւան կը գտնուի։ Լուրը հաղորդեց Արցախի Ազգային ժողովի մամլոյ գրասենեակը՝ մանրամասնելով, որ Արթուր Թովմասեան հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի խմբակցութիւններու ղեկավարներուն եւ պատգամաւորներուն հետ:
Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան Արցախի կարգավիճակի, բռնի տեղահանուածներու, բռնագրաւուած տարածքներու, բնակչութեան անվտանգութեան եւ ընկերային-տնտեսական հարցերուն, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի եւ Արցախի խորհրդարաններուն միջեւ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: 3 խմբակցութիւններն ալ միասին աշխատելու եւ փոխհամագործակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնեցին:
Արթուր Թովմասեան «Քաղաքացիական Պայմանագիր», «Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւններու ղեկավարները եւ անդամները հրաւիրեց Արցախ՝ մասնակցելու 1 Սեպտեմբերին տեղի ունենալիք Ազգային ժողովի յատուկ նիստին՝ նուիրուած Հանրապետութեան 30ամեայ յոբելեանին: