ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոնկրեսի հայկական համախմբումի անդամները իրենց ձայնը միացուցած են Միացեալ Նահանգներու եւ ամբողջ աշխարհի հայերուն՝ նշելու Արցախի Հանրապետութեան 30ամեակը եւ նոյն ժամանակ խոստացած են շարունակել Միացեալ Նահանգներ-Արցախ կապերը ամրապնդելու ջանքերը, ետ մղելով ատրպէյճանական ու թրքական շարունակուող բռնարարքները:
«Կը նշենք Արցախի Հանրապետութեան օրը մեր աշխատանքով եւ Քոնկրեսի մեր դաշնակիցներուն հետ` յառաջ տանելով օրէնսդրական նախաձեռնութիւններու ծրար մը, որ պիտի արգիլէ ամերիկեան ռազմական օգնութիւնը Ատրպէյճանին, ինչպէս նաեւ պիտի ապահովէ մարդասիրական օգնութիւն՝ Արցախին», կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան:
Քոնկրեսական Ֆրենք Փալոն իր ուղերձին մէջ նշեց, որ երբեք չէ տեսած այննան դիմացկուն ժողովուրդ, որքան Արցախի ժողովուրդը, որ շարունակապէս դէմ յանդիման կը մնայ իր դրացիներու բռնարարքներուն: «Կ՛ուզեմ, որ դուք իմանաք, թէ մենք Քոնկրեսին մէջ պիտի շարունակենք աջակցիլ ձեզի: Մենք ջանասէրօրէն կ՛աշխատինք նախագահ Պայտընի եւ անոր վարչակազմին հետ՝ ծախսերու նախագիծին վրայ, փորձելով ստանալ առաւելագոյն օգնութիւնը Արցախին համար, որպէսզի կարելի ըլլայ զայն վերակառուցել, ինչպէս նաեւ պատժել Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը, իրենց յարձակողապաշտ քայլերուն համար: Ես նաեւ կը փափաքիմ տեսնել Արցախի` իբրեւ պետութիւն, իբրեւ երկիր ճանաչումը, տեսնել պաշտօնական յարաբերութիւններ Արցախի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ, ինչպէս նաեւ յառաջընթաց՝ խաղաղութեան գործընթացին մէջ», ըսաւ է Փալոն:

Քոնկրեսական Տէյվիտ Վալատաօ իր ուղերձին մէջ ընդգծեց, որ 2 Սեպտեմբեր 1991ին, Արցախը իր ճակատագիրը եւ ազատութիւնը որոշելու համար մղուող պայքարին մէջ ճնշող մեծամասնութեամբ դէմ կեցած էր Ատրպէյճանի շարունակուող բռնարարքներուն, անկախութեան ի նպաստ քուէարկելով: «2017ին այցելեցի Արցախ եւ անձամբ տեսայ Արցախի ժողովուրդին նուիրուածութիւնը ինքնորոշման եւ խաղաղութեան՝ այն հիմնարար արժէքները, զորս կը կիսեն Միացեալ Նահանգները եւ Արցախը: Ես Ներկայացուցիչներու տան դահլիճին մէջ առաջնորդեցի Արցախին օգնութիւն ապահովելու, Միացեալ Նահանգներու եւ Արցախի միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու, ականազերծման միջոցով կեանքեր փրկելու ջանքերը: Կ՛աջակցիմ Արցախի եւ Հայաստանի ժողովրդին դէմ Ատրպէյճանի բռնարարքները դատապարտելու ջանքերուն եւ պիտի շարունակեմ աշխատիլ Քոնկրեսի իմ գործընկերներուն հետ, հայ գերիներուն ազատ արձակումը ապահովելու, Ատրպէյճանին ռազմական օգնութիւնը դադարեցնելու եւ Արցախին եւ Հայաստանին յաւելեալ օգնութիւն ապահովելու ուղղութեամբ», ըսաւՎալտաօ:
Արցախի Հանրապետութեան 30 ամեակը շնորհաւորեց նաեւ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ: «Կը նշենք Արցախի Հանրապետութեան օրը, երբ 30 տարի առաջ Արցախի խիզախ ժողովուրդը հռչակեց իր անկախութիւնը Խորհրդային Միութիւնէն։ Հակառակն անոր, որ Արցախի երթը երբեք դիւրին չի եղած, վերջին պատերազմը Արցախի ժողովուրդը աննկարագրելի փորձութիւններու ենթարկեց: Դժուարութիւններ դիմակայելու ձեր տոկունութիւնը կը քաջալերէ բոլորս: Եկէք այս կարեւոր օրը նուիրուինք Արցախի ժողովուրդի առջեւ ծառացած բազմաթիւ սպառնալիքները դիմակայելու գործին», նշեց Շիֆ:
«Դժբախտաբար, անկախութիւն հռչակելու այդ խաղաղ որոշումը հանդիպեցաւ տարիներ տեւող բռնութեան, ներառեալ՝ 2020ի պատերազմը, որուն պատճառով քանդուած են տուներ եւ գիւղեր, կորսուած են բազմաթիւ կեանքեր: Բայց ես այցելած եմ Արցախ եւ գիտեմ, թէ որքան կամք ունին Արցախի բնակիչները: Ես վճռական եմ՝ ապահովելու անհրաժեշտ աջակցութիւնը Արցախի վերականգնման եւ բարգաւաճման նպաստելու համար», յայտնեց Քոնկրեսի անդամ Ճուտի Չու:
Արցախի Հանրապետութեան օրուան առթիւ ուղերձներ յղեցին նաեւ քոնկրեսականներ Ճիմ Քոսթա, Աննա Էշու եւ Ճիմ ՄըքԿավըրն, պատրաստակամութիւն յայտնելով շարունակել աշխատանքը՝ Արցախին յատկանշական աջակցութիւն ապահովելու եւ Արցախի անկախութեան ճանաչման հասնելու ուղղութեամբ: