Երկուշաբթի, 20 Սեպտեմբերի առաւօտուն, Քալիֆորնիոյ Հայ Քոյրերու վարժարանի աշակերտները նշեցին Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 30ամեակը:
Ամերիկայի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, 5րդ դասարանէն խումբ մը աշակերտներ հայերէնով եւ անգլերէնով հակիրճ տեղեկութիւններ ընթերցեցին անկախութեան մասին, թէ ինչպէս հայ ժողովուրդը իր ազատատենչ ոգիով դարձեալ տիրացաւ անկախութեան՝ 21 Սեպտեմբեր 1991ին, եւ ստեղծուեցաւ 3րդ հանրապետութիւնը, ունենալով իր դրօշակը եւ զինանշանը եւ թէ Հայաստան այսօր աշխարհին կը ներկայանայ իբրեւ զարգացած երկիր իր հարուստ պատմութեամբ, մշակոյթով եւ արուեստով: Աշակերտները նաեւ վեր առին այն փաստը, որ ամէն տարի հայերը, հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ, մեծ հպարտութեամբ կը նշեն անկախութեան տօնը Հայաստանի, որուն ճանապարհը այնքա՜ն լեցուն եղած է փուշերով:

Այնուհետեւ խօսք առաւ վարժարանի փոխտնօրէնուհի Ռիթա Պոյաճեան, որ նշեց, թէ մենք բոլորս հաւաքուած ենք մեր սիրելի դպրոցին մէջ, ամէն մէկուս ծնողները Սփիւռքի մէկ երկրէն եկած կրնան ըլլալ, բայց երբ կայ հայկական շունչ, հայկական ոգի, հայեցի դաստիարակութիւն, երբ կը խօսինք հայերէն, կ՛երգենք ու կ՛աղօթենք հայերէն, հոն անպայման պիտի ստեղծուի Հայաստան մը:
Պոյաճեան ըսաւ, թէ Հայաստանը մեր տունն է, մեր մայրն է, մեր հայրն է, եւ մենք պէտք է գուրգուրանք անոր: «Երկա՜ր տարիներ այլ ազգերու ենթարկուած մեր հայրենիքը 30 տարի առաջ անկախացաւ, եւ մենք ուրախ ու հպարտ ենք այդ անկախութեամբ: Այո՛, դիւրին չէ եղած եւ հիմա ալ դիւրին չէ Հայաստանի անցած ճամբան, բայց մենք երբեք պէտք չէ յուսահատինք, երբեք պէտք չէ տկար զգանք մենք մեզի։ Մենք զօրաւոր ենք թէ՛ մեր յաղթանակներով, թէ՛ մեր պարտութիւններով, որովհետեւ երբ մենք իրար ձեռք բռնենք, իրար հետ միասնական ըլլանք, ոչ մէկ թշնամի կրնայ յաղթել», նշեց փոխտնօրէնուհին եւ աւելցուց. «Ուրեմն, սիրենք մեր հայրենիքը, սիրենք մեր հայ եղբայրներն ու քոյրերը, եւ նոյնիսկ երբ հիմա մենք Հայաստանէն հեռու ենք, կը սիրենք ու կը յարգենք մեզ հիւրընկալող Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, Հայաստանը միշտ պիտի մնայ մեր սրտերուն ու հոգիներուն մէջ, եւ մեր կարելին պիտի ընենք Հայաստանը ուժեղ պահելու»:
Ապա, «Իմ Անունը Հայաստան Է» երգին ընկերակցութեամբ աշակերտները եւ ուսուցիչները ե՛ւ երգեցին, ե՛ւ պարեցին, բարձր ճօճելով հայկական դրօշը:
(Թղթակցութիւնը՝ վարժարանէն)