ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ռուսական «Ազգային Պաշտպանութիւն» թերթին նոր մանրամասնութիւններ պատմեց Արցախի հրադադարի եռակողմ համաձայնութիւնը ձեռք բերելու գործընթացին մասին: Ըստ անոր՝ Ռուսիոյ նախագահին հետ անձնական ընկերական կապերը «առիթ տուած են, որ Մոսկուա եւ Պաքու համաձայնին եռակողմ յայտարարութեան շուրջ»:
«Առաջարկներս հաւանութեան արժանացած էին ռուսական կողմէ, սակայն հայկական կողմը կը հրաժարէր, եւ ես կը կարծեմ, որ ողբերգական, ճակատագրական սխալ մըն էր այդ: Որովհետեւ, եթէ անոնք ընդունէին իմ առաջարկած ծրագիրը, անոնց պարտութիւնը այսքան նուաստացուցիչ չէր ըլլար եւ հազարաւոր զինուորներ, թէ մեր եւ թէ հայկական կողմէն, ողջ կը մնային: Այսինքն` այս մարդոց մահուան մեղաւորը հայ ղեկավարութիւնն է, որ պատերազմական գործողութիւններուն ընթացքին առնուազն երկու անգամ մերժեց ընդունիլ պատմական առիթը», պնդեց Ալիեւ:
«Շուշին ազատագրելէ ետք, Վլատիմիր Վլատիմիրովիչը հեռաձայնեց եւ ըսաւ, որ հայկական կողմը պատրաստ է իրականացնելու այն, ինչը պէտք է իրականացնէ», պատմեց Ալիեւ՝ աւելցնելով, որ նշեալ զրոյցին յաջորդած ժամերուն կարելի եղած է հակամարտող կողմերուն հետ համաձայնեցնել յայտարարութեան պայմանները: